Թուրքիոյ Աշխարհաքաղաքական Շահերը Կովկասի Տարածաշրջանին Մէջ. «Գանձասար»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Արցախի հակամարտութեան արձանագրուած վերջին արդիւնքը, ցաւօք սրտի, բաւական տկարացուց Հայաստանի ոչ միայն աշխարհաքաղաքական դիրքը, այլեւ ազդեցութիւնը։ Պատերազմին հետեւանքով եւ Հայաստանի 9 Նոյեմբերի եռակողմ համաձայնագիրին ստորագրութեամբ, Կովկասեան տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական ազդեցութիւնները նոր պատկեր ստացան, որուն մէջ Թուրքիան նկատառելի յառաջխաղացք արձանագրեց։

Թրքական այս յառաջխաղացքը Անգարային համար նաեւ դիւանագիտական զգալի լծակներ ստեղծեց: Հակառակ անոր որ Ռուսիա հակամարտութեան հիմնական միջնորդը ըլլալով կը բանակցէր Նոյեմբերի սկիզբը զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելու զինադադարի համաձայնագիրին շուրջ պարզապէս, սակայն այդ մէկը կատարեց ստիպողաբար լրջօրէն նկատի առնելով նաեւ Թուրքիոյ շահերը: Ճիշդ է որ Ռուսիան տարածաշրջանին մէջ աւելի անմիջական հիմքեր ձեռք ձգեց 2000 ռուս խաղաղապահներու տեղակայմամբ, սակայն ան նաեւ համաձայնեցաւ ստեղծել զինադադարի գործարքը իրականացնելու համար թուրք-ռուսական դիտորդական միատեղ կենտրոն: Անգարան եւ Պաքուն նոյնպէս երկկողմ բանակցութիւններ վարեցին, թուրք-ռուսական դիտարկման կենտրոնէն անկախ՝ Ատրպէյճանի մէջ թրքական զինուորական ներկայութիւնը խթանելու համար:

Միւս կողմէ, զինադադարէն անմիջապէս ետք, Ատրպէյճան սկսաւ ենթակառոյցներու զարգացման յաւակնոտ ծրագիր մը տարածաշրջանին համար: Յունուարին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ միատեղ հանդիպումին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց տարածաշրջանային իմաստով տնտեսական եւ ենթակառուցային նախագիծերու ծրագրաւորման համար աշխատանքային խումբի մը ստեղծումը: Ծրագիր մը, որ կը ներառէ Ատրպէյճանը Նախիջեւանին եւ հետագային Թուրքիոյ կապող նոր ճամբու, ինչպէս նաեւ Ֆիզուլիի տարածաշրջանին միջազգային նոր օդակայանի մը կառուցման մէջ:

Թուրքիոյ համար նման նախագիծեր շատ ողջունելի պիտի ըլլան, բնականաբար, որովհետեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտությունը երկար ատեն ան կը համարէր տնտեսական խոչընդոտ, միեւնոյն ատեն Հայաստանի վրայ ճնշելու ազդակ։ Ահա թէ ինչո՛ւ ան հակամարտութեան տարիներուն Ատրպէյճանին քաղաքական օժանդակութիւն ցուցաբերելու համար փակեց իր սահմանները Հայաստանի հետ եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու եւ առեւտրային կապերու վերսկսումը պայմանաւորեց Երեւանի կողմէ Ղարաբաղեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցերուն մէջ զիջումներով: Բնականաբար, եթէ Ատրպէյճանի հետ Թուրքիոյ առեւտուրը հիմնականաբար կ’անցնէր Վրաստանով, որպէս միակ տարանցիկ երկիր ջերմուժի կարեւորագոյն նախագիծերուն համար, այժմ, ինչպէս Լեռնային Ղարաբաղի, այնպէս ալ Հայաստանի ներգրաւումը ճամբաներու եւ տարանցիկ նախագիծերու մէջ կրնայ Թուրքիոյ համար բանալ զգալի տնտեսական ներուժ Կովկասի ողջ տարածքին մէջ, միեւնոյն ատեն Հայաստանին իր պայմանները թելադրելու նոր լծակներ յառաջացնել:

Թուրքիոյ յաւակնութիւնները այսքանով ալ չեն աւարտիր: Կովկասին լայնօրէն բացուիլը Թուրքիոյ համար ուղղակի դուռ կը բանայ դէպի Կասպից ծով, Կեդրոնական Ասիա, որոնք ունի ջերմուժի աւելի մեծ ծաւալներ, քան Ատրպէյճանը: Թուրքմենիստանը այս առումով յատկապէս գրաւիչ է Թուրքիոյ համար՝ ունենալով աշխարհի մէջ բնական կազի չորրորդ ամենամեծ պաշարները: Ներկայիս Թուրքմենիստանը իր բնական կազի արտահանման մեծամասնութիւնը կ’ուղարկէ արեւելք, Չինաստան՝ զգալիօրէն ունենալով իր ջերմուժի մատակարարման լրացուցիչ քանակներ դէպի արեւմուտք, Թուրքիա եւ Եւրոպա հասցնելու կարելիութիւն:Կովկասի տարածքին վերափոխուած աշխարքաղաքական ազդեցութիւններով, սակայն, եւ ենթակառոյցներու անհրաժեշտ զարգացմամբ ՝ Թուրքմենիստանի բնական կազի արտահանումը կրնայ զգալի տնտեսական բարօրութիւն ապահովել Անգարային՝ միեւնոյն ատեն կարելիութիւն տալով Թուրքիոյ դառնալու Կովկասի, Կեդրոնական Ասիոյ, Եւրոպայի եւ Միջերկրական ծովու աւազանները կապող կեդրոնական կէտ: Այս մէկը Թուրքիոյ կարելիութիւն կու տայ ալ աւելի ազատ շարժելու տարածաշրջանին մէջ՝ հեռանալով Ռուսիոյ ջերմուժային կախեալութենէն, ինչ որ, իր կարգին, կրնայ աւելի յաւակնոտ եւ անկախ արտաքին քաղաքականութեան կարելիութիւններ ստեղծել Թուրքիոյ համար:

Քանի մը գործօններ, սակայն, կրնան բարդացնել տարածաշրջանի մէջ Թուրքիոյ մեծ ծրագիրները, նաեւ ապագայ փանթուրանական յաւակնութիւնները: Առաջին եւ անմիջական անհանգստութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հրադադարի կայունութեան բխրուն վիճակն ու արցախեան կարգավիճակի ցարդ չորոշուիլն է: Երկորդը՝ Հայաստանի ներքաղաքական զարգացումներն ու ազգային պետականութեան ամրագրումը հետապնդող քաղաքական ուժերու իշխանութեան գալն է, երրորդը Ռուսիոյ դերակատարութեան ամրագրումն է։

Թէեւ Թուրքիան ապացուցեց Ռուսիոյ հետ աշխատելու իր կարողութիւնը նոյնիսկ վիճահարոյց թատերաբեմերու վրայ, ինչպէս Սուրիոյ, իսկ վերջերս՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, այնուամենայնիւ Թուրքիան ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ տկարացնելու Ռուսիոյ դիրքերը եւ ծառայելու ԱՄՆ-ի եւ արեւմուտքի շահերուն նաեւ կովկասեան տարածաշրջանին մէջ:

Եթէ Թուրքիան հասնի Կովկասի, Կեդրոնական Ասիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ համարկումի հիմնական կէտ ծառայելու իր մեծ ծրագիրներուն, Անգարան բնականաբար պիտի պահանջէ արեւմուտքէն ու ԱՄՆ-էն եւս շրջել իրենց քաղաքականութիւնը բազմաթիւ հարցերու մէջ: Տարածաշրջանին մէջ ԱՄՆ-ն եւ Եւրոպան ունին կարեւոր համընկնող շահեր Թուրքիոյ հետ եւ իր ճամբով կարելիութիւն կրնան ունենալ իրենց ազդեցութեան լծակները զօրացնելու այնտեղ:

Այս բոլորին լոյսին տակ, Թուրքիան կը մնայ Հայաստանի ապահովութեան սպառնացող գլխաւոր տարրը տարածաշրջանին մէջ, որ կրնայ զսպուիլ առաւելաբար եթէ արցախեան կարգավիճակի հետապնդումը իրականանայ եւ Հայաստան յաջողի ամրագրել իր դիւանագիտական կապերն ու փոխադարձ շահերը Ռուսիոյ, Իրանի եւ Կովկասի տարբեր պետութիւններուն հետ, միեւնոյն ատեն պահելով հաւասարակշռուած յարաբերութիւն արեւմուտքին հետ, դառնալով տարածաշրջանի ուժերու հաւասարակշռութեան գործօն։