Չերգող Վաղորդայննե՞ր (Յ. Պալեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ոմանք կ’ըսեն, որ ուրացումը

վերջնական փուլն է ցեղասպանութեան:

Ֆաթմա Կոչէք,

Անն Արպըր համալսարանի ընկերաբանութեան դասախօս

            «Ուրացումը վերջնական փուլն է ցեղասպանութեան», եւ ցեղասպանութեան յետնորդի ուրացումը՝ վերջնական անձնատուութիւնը զոհին:

            Ազգային Ժողովի փոխ-նախագահ Լենա Նազարեանը սորվելիք ունի մտածել գիտցող համալսարանի բանիմաց դասախօս թրքուհի Ֆաթմա Կոչէքէն:

            Այս մասին կը մտածեմ մօտեցող ֆէթիշ թուականի նախօրեակին:

Յոռետեսութիւնը հիւանդութիւն է: Իրատեսութիւնը՝ իմացական նուաճում:

            Հայաստան եւ սփիւռք կը լսուին խօսքեր պարտութեան, կործանման, կորուստի, անհետացման մասին, այնպէս՝ որ անոնք երկնային պատիժներ են, ճակատագիր, մեզմէ անկախ: Վերջին կարելին. եղերամայրերու սեւ քուրջը հագնիլ, ծնրադրել չեմ գիտեր ո՞ր (չ)աստուածներու առջեւ եւ մխիթարութիւն աղերսել, որ երբեք ինքնաբերաբար պիտի չգայ, ինչպէս ինքնաբերաբար չեն գար վերականգնումը եւ յաղթանակը: Այս յոռետեսութիւն է, պարտուածի բաց դարպասը:

            Իրատեսութիւնը առաքինութիւն է, հոգեկան ուժ, արարածը կը դարձնէ մարդ, կ’իմաստաւորէ կեանքը, պատասխանելով ծառացած հարցումներու. սոսկ մարսողական գործարա՞ն եմ բոլոր արարածներուն պէս, ի՞նչ է ինքնութիւնս, ի՞նչ է արդարութիւնը, ի՞նչ է իրաւունքը, ի՞նչ է սէրը, ի՞նչ է զոհողութիւնը, համագումար՝ ի՞նչ եմ ես, ո՞վ եմ ես: Իմ ինչութիւնս եւ իմ ովութիւնս՝ բնութեան տարրեր ըլլալու վիճակ, երբ կը մտածեմ, կ’ընտրեմ, կ’որոշեմ, եւ այդպէս կ’իմաստաւորեմ գոյութիւնս:

            Այս՝ Ռընէ Տէքարթ իմաստասէրի «կը մտածեմ, ուրեմն կամ»ի միտքի պսակումն է, լրացումը, կը մտածեմ եւ կ’իմաստաւորեմ:

            Փիլիսոփայական մտորումներու անձնատուր ըլլալու միտում չունիմ:

            Ամէն օր աճող անդոհանք: Պատմութեան արկածեալ ժողովուրդն ենք, այդ արկածին զոհ ենք որպէս հայ: Արկած՝ որ մեզի պարտադրած է եւ կը շարունակէ պարտադրել զրկումներ: Յիշատակի եւ իրաւունքի կրողներն ենք նախահայրերու պահած եւ դրոշմած հայրենի հողերուն, անոնց կերտած եւ կտակած ժառանգութեան կորստեան ցաւին, կրած ոճիրին:

            Պատահա՞ծ է որ նախահայրերու տունը երթաք եւ հոն տեսնէք տէր դարձած օտարը, դիտուիք որպէս օտար, Վանայ Ծովակի Աղթամարի կղզին երթաք, եկեղեցիի պատին տակի սրճարանը նստիք… Հայոց մայրաքաղաք Անիի հզօր պարիսպին դիմաց կանգնիք եւ չսարսռաք: Չարիքի յիշողութիւն եւ մորմոք:

            Չարիք եւ ոճիր կը տեւեն այնքան ատեն, որ արդարութիւնը չի գար եւ բալասան չի բերեր: Չարիք եւ ոճիր, երբ բնութեան արհաւիրք չեն, ինչպէս ողողումները եւ երկրաշարժները, մարդն է անոնց հեղինակը: Ան իր չարի եւ զոհի յիշողութեան մէջ կը մնայ միշտ չարագործ, մինչեւ որ զղջում յայտնէ եւ արդարութեան վճիռը ընդունի: Իսկ զոհը երբ կորսնցնէ իր մարդկային եւ իրաւունքի յիշողութիւնը, կը յայտնուի իր ինքնութիւնը ուրացողի վիճակին մէջ, կը դառնայ անբարոյ առարկայական դաշնակիցը չարագործին, մեղսակից՝ իր դէմ գործուած չարիքին:

            Աշխարհի մեծերը, իրենք զիրենք վերին իրաւարարութեան կոչածներ, կրնան վճռել, որ պէտք է մոռնալ անցեալի ոճիրները, սխալները: Վատ զոհեր ալ կը մոռնան, մոռնալու կոչ կ’ընեն: Մեծերը այդ կրնան ընել, իրենց երկիրը եւ ժողովուրդը, իրենց ընտանիքը, չեն վճարած գլխագիր Չարիքներու գինը: Թուրքիոյ հին եւ նոր կառավարութիւնները, զինուորական թէ խորհրդարանական, միշտ դրժած են կատարուած հայկական ցեղասպանութիւնը:

            Թուրքիոյ պետութիւնը եւ դպրոցական դասագրքերը հայոց ցեղասպանութեան ուրացումը կ’ամրապնդեն: Հանրային կարծիքն ալ այնպէս է, որ հայկական ցեղասպանութիւն տեղի չէ ունեցած, քանի որ, կ’ըսեն՝ «մենք թուրքերս խտրութիւն չենք դներ»: Աւելի բնորոշ է թուրք ծայրայեղականներու վերաբերումը, ինչպէս ըսած է ազգայնական կուսակցութեան մը պարագլուխ Մուսթաֆա Տեսդիչի, որ «կարելի չէ խօսիլ ցեղասպանութեան մասին»:

            Թուրքիա հետեւողական է իր ուրացման քաղաքականութեան մէջ, այն պատճառով, որ եթէ ընդունի որ ցեղասպանութիւն գործուած է, պիտի դրուի հողերու եւ անհատական սեփականութիւններու վերադարձի հարցը, որ միայն բռնագրաւեալ Արեւմտահայաստանով չի սահմանափակուիր, այլ կայ նաեւ կայսրութեան տարածքի հայապատկան ինչքը:

            Ամերիկայի Քլարք համալսարանի դասախօս Թանէր Աքշամ անդրադարձած է այս հարցերուն, «Ամօթալի արարք մը. հայկական ցեղասպանութիւնը եւ թրքական պատասխանատուութեան հարցը» գիրքով: Ան կրկին կ’անդրադառնայ հայոց ցեղասպանութեան «Սպաննութեան հրահանգ»  ծաւալուն գիրքով, ցոյց տալու համար, որ ցեղասպանութիւնը հրահանգող հեռագիրները վաւերական են: Էրտողանի ուրացման հետամուտ քաղաքականութիւնը փուճ է, եթէ մարդիկ նուազ շահախնդրութեամբ ուզեն տեսնել պատմական ճշմարտութիւնները:

Անն Արպըր համալսարանի դասախօս Ֆաթմա Կոչէք կ’ըսէ. «…զոհերը կ’ապրին բանտուած բիրտ անցեալի մը մէջ, առանց ապաքինման յոյսի…. Բայց ժխտողներն ալ կը տառապին. մերժումը անցեալի բրտութիւններու ընդունման, զիրենք կը մղէ համակարգի վերածել եւ բնական դարձնել բրտութիւնը ընկերութեան մէջ, որ դժուարութիւն կ’ունենայ իրապէս ժողովրդավարական դառնալու»: Ֆաթմա Կոչէք կ’արձանագրէ փաստը, որ արեւմտեան պատմաբանները մեծամասնութեամբ «համաձայն են, որ օսմանեան կայսրութեան հայ հպատակներու պարտադրուած 1915-ի տեղահանութիւնները իրողապէս ցեղասպանութիւն էին…»:

            Թուրք կառավարութեան ցեղապաշտ եւ ցեղասպանական միտումները կրկին յայտնուեցան 6 եւ 7 սեպտեմբեր 1955-ին, քանի որ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ ժողովուրդները կը համարուէին արեւմտեաններու 5րդ զօրասիւն, սպառնալով անոնց կեանքին եւ զանոնք ճզմելով հարկերու տակ:

            Այս վարքագիծի ուշագրաւ դրսեւորումն է 2007ի Հրանդ Տինքի սպանութիւնը,:

            Եթէ միամիտ չէք, սիրողական քաղաքականութիւն չէք խաղար, կամ ծախուած եւ գործակալ չէք, կը տեսնէք եւ կը հասկնաք, որ թուրք-ազերի նախայարձակումով սկսած «44-օրեայ պատերազմը» նոր օղակն է հայաջինջ թրքական ցեղասպանական միտումին: Հայաստան կը թուի ըլլալ վերջին խոչնդոտը համաթրքական-համաթուրանական ցեղապաշտ մեծ կայսրութեան ստեղծման, օսմանեան կայսրութեան շարունակութիւն եւ ծաւալում: Յաջորդ ճակատը Եւրոպան է, ապա՝ Հնդկաստանը, նաեւ՝ Չինաստանը, ինչո՞ւ ոչ՝ օր մըն ալ Ամերիկաները: Մոլորակային կայսրութիւն: Այս վախազդու խրտուիլակ չէ:

            Հայաստան տագնապի ջրապտոյտի մէջ է: Հայ քաղաքական միտքին մէջ, ինչպէս անցեալին օսմանեան կայսրութեան, կը ծլի ռայայի հոգեբանութիւնը: Որպէս հանճարեղ գիւտ, Հայաստանի մէջ հրապարակ կը նետուի «հարեւանների հետ ապրել սովորել»ի  միտքը: Կ’ըսուի, որ ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը Թուրքիան կ’անհանգստացնէ, լուծումն է՝ «էջը դարձնել»:

            Այսինքն մէկուկէս միլիոն զոհ չենք ունեցած, ճողոպրած հայրենահանուածներ չեն եղած, բռնագրաւուած հայրենիք չունինք: Ռէալ փոլիթիք… Այս սիրողականութիւն ալ չէ, ինքնադրժում է, վասն լաւ ապրելու եւ «մեծ կայսրութեան» մէջ որպէս փերեզակ ապրելու: Կամ՝ արտագաղթելու…

            Կը խնդրուի չըսել՝ որ ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի: Գիտնալ լեզուագարութիւն ընել աթոռ-աթոռակ ունենալու, հայկական ծագումով մարգարէ ըլլալու եւ հարստանալու համար:

            Հայրենիք, լեզու, ինքնութիւն, մշակոյթ, եկեղեցի, ազգային յատկանիշներ ժամանակավրէպ են, զանոնք ծալել, անոնց վրայ նստիլ եւ երջանիկ ապրիլ…

ԷՋԸ ԴԱՐՁՆԵԼ

Ի՞ՆՉ ԿԱՅ ԳՐՈՒԱԾ ՅԱՋՈՐԴ ԷՋԻՆ ՎՐԱՅ, ԵԹԷ ԿԱՅ…

20 օր ետք ԱՊՐԻԼ 24 է:

            «…Հարեւանների հետ ապրել սովորել»ի փաստը տանք եւ ուժանակով օդը հանենք «Ծիծեռնակաբերդի յուշակոթող»ը եւ «Ցեղասպանութեան թանգարանը» դատարկենք, վաճառենք, «փող աշխատինք»…

            Հայ ազգի ներկայի եւ ապագայի յոյսը իշխող եւ աթոռ զբաղեցնողները չեն, այլ համաժովրդական ողջախոհութիւնը, եթէ դեռ մնացած է այդպէս բան…