Սիրելի՛ Կանայք, Ձեր Շնորհիւ Մեր Երկիրը Այսօր Կանգուն Է․ ՄԻՊ

Հայաստան

Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան Ապրիլ 7-ի՝ Մայրութեան եւ գեղեցկութեան օրուան առիթով շնորհաւորած է Հայ կիները։ Շնորհաւորական խօսքին մէջ մասնաւորապէս նշուած է՝

Սիրելի՛ կանայք,

Կը շնորհաւորեմ բոլորդ Ապրիլ 7-ի՝ Մայրութեան եւ գեղեցկութեան օրուան առիթով։ Ձեր շնորհիւ մեր երկիրը այսօր կանգուն է` խօսքիս իսկական իմաստով: Ապագայ կերտող ու հայրենասէր նուիրեալներ դաստիարակելու եւ կրթելու մէջ է ձեր նուիրական հմայքն ու անկրկնելի գեղեցկութիւնը:

Թո´ղ որ անիկա միշտ յարատեւ ըլլայ: Կնոջ իրաւունքներու բարձր պաշտպանութեամբ ու հաւասարութեամբ կ՝ամրանան պետութեան հիմքերը: Հակառակ պատկերացումները ընդամէնը չհիմնաւորուած վախեր են եւ կարծրատիպեր:

Արման Թաթոյեան

Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան