Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը Բաց Նամակով Կոչ Ըրած է Վարչապետին՝ Պաշտօնապէս Ճանչնալու Ցեղասպանութիւնը

Աշխարհ, Սփիւռք

Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցին ընդառաջ՝ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը՝ տեղի հայկական համայնքին անունով՝ բաց նամակ յղած է վարչապետ Սգոդ Մորիսոնին՝ կոչ ընելով ճանչնալու Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու, ինչպէս նաեւ ասորիներու եւ յոյներու դէմ իրականացուած ցեղասպանութիւնը:

Յանձնախումբը հորդորած է վարչապետը՝ հաւատարիմ մնալու դեռ 2011-ին խորհրդարանին մէջ ունեցած ելոյթին, որուն ընթացքին ան մասնաւորապէս յայտարարած էր. «Հայոց Ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ իրականացուած ամենասարսափելի յանցագործութիւններէն է: Կարեւոր է, որ մենք ճանչնանք Հայոց Ցեղասպանութիւնը այնպես, ինչպէս որ է»:

Ի տարբերութիւն խորհրդարանական տարիներու գործունէութեան՝ արդէն վարչապետ Մորիսոնը, որ պաշտօնի վրայ է 2018-էն, հրաժարած է կիրառելէ «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը՝ տեղի տալով արտաքին ճնշումներուն:

«Հիմա Ցեղասպանութեան ճանաչման ժամանակն է: Աւստրալիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին շուրջ փոփոխուող քաղաքական մթնոլորտը եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ միջազգայնօրէն իրականացուող դրական քայլերը կը ստիպեն մեզի հաւատալու, որ հիմա է ժամանակը»,- նշուած է նամակին մէջ:

Յանձնախումբը նշած է, որ վարչապետի պաշտօնը ստանձնելը պէտք չէ պատճառ դառնայ, որպէսզի փոխուին անձի արժէհամակարգն ու տեսակէտները:

Նշելով, որ Սպիտակ տունէն եւս կան դրական ազդակներ՝ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ՝ յանձնախումբի անդամները շեշտած են, որ հիմա ճիշդ ժամանակն է մերժելու սպառնալիքները, որոնք կը կիրառէ մենատէր Թուրքիան:

«Աւստրալիոյ 50 հազարանոց հայկական համայնքին անունով մենք կոչ կ՝ընենք ձեզի՝ 1915 թուականի դէպքերը պաշտօնապէս կոչելու իր անունով՝ Ցեղասպանութիւն»,- կը նշուի նամակին մէջ: