Դանիէլ Վարուժանի «Հացին Երգը»՝ Անգլերէնի Թարգմանուած

Սփիւռք

Համազգայինի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, թէ լոյս տեսած է Դանիէլ Վարուժանի «Հացին Երգը» ամբողջական երկին առաջին անգլերէն հրատարակութիւնը՝ «SONG OF THE BREAD»։

«Հացին Երգը» անգլերէնի թարգմանած է Թաթուլ Սոնենց Փափազեան։ Խմբագրութիւնը կատարած է Վիգէն Թիւֆէնքճեան։

Ձեր օրինակը ունենալու համար, այցելեցէք ձեր երկրի Amazon-ի էջը։