Մահացած է «Ալիք» Օրաթերթի Երկար Տարիներու Գլխաւոր Խմբագիր Նորայր Էլսայեանը

Հայաստան, Սփիւռք

Մարտ 30-ին, Երեւանի մէջ մահացած է իրանահայ վաստակաւոր ազգային-հասարակական եւ կրթական գործիչ, գաղափարական նուիրեալ եւ «Ալիք» օրաթերթի երկար տարիներու գլխաւոր խմբագիր Նորայր Էլսայեանը։

Իր բեղմնաւոր ազգային-հասարակական կեանքին ընթացքին՝ Նորայր Էլսայեան եղած է Թեհրանի Հ.Մ. «Սիփան», «Ռոստոմ» եւ Հայ ուսուցիչներու միութեան հիմնադիր անդամներէն։

Երկար տարիներ զբաղած է մանկավարժութեամբ եւ նուիրուած է մատաղ սերունդի դաստիարակութեան գործին։

1984-93 թթ. եղած է «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրը։

1993-95 թթ. բնակութիւն հաստատած է Հայաստանի մէջ, ապա՝ երեք տարիով՝ վերադարձած է Թեհրան, որմէ ետք կրկին տեղափոխուած է Հայաստան եւ վերջնականապէս հաստատուած հայրենիքի մէջ՝ շարունակելով իր ազգային-հասարակական եւ գաղափարական-կուսակցական գործունէութիւնը։