Հայոց Ցեղասպանութեան 106-ամեակին Առիթով-Արիւնատւութիւն Յունաստանի Մէջ

Սփիւռք

Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ՝
Հ.Կ.­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան

­­­Կի­րա­կի՝ 4 Ապրիլ 2021-ին
Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբին մէջ ժա­մը 10։00-14։00

Ուշադրութիւն
Նկատի պէտք է առնուի, թէ արիւնատւութեան գործընթացը պիտի կատարուի «Քորոնա» ժահրի նախզգուշութեան եւ ապահովութեան բոլոր միջոցները օգտագործելով:

­Կոչ կ­’ուղ­ղենք բո­լոր մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն, ի­րենց մաս­նակ­ցու­թեամբ սա­տա­րելու այս մար­դա­սի­րա­կան ե­լոյ­թի յա­ջո­ղու­թեան, որ ո՛չ միայն քա­րոզ­չա­կան, այ­լեւ գործ­նա­կան ար­դիւնք­ներ կ­’ա­պա­հո­վէ բո­լո­րին անխ­տիր։

Ա­րիւ­նա­տ­ւու­թեան ներ­կա­յա­նա­լէ ա­ռաջ նկա­տի ու­նե­նանք հե­տե­ւեալ պայ­ման­նե­րը.-

• Ա­րիւ­նա­տու­նե­րը ի­րենց հետ պէտք է ու­նե­նան ինք­նու­թեան թուղթ եւ Ըն­կե­րա­յին Ա­պա­հո­վագ­րու­թեան ի­րենց թի­ւը (ΑΜΚΑ):
• Ա­րեան մա­տու­ցու­մը պէտք չէ կա­տա­րո­ւի ա­նօ­թի ստա­մոք­սով. անհրա­ժեշտ է թե­թեւ նա­խա­ճաշ մը ը­րած ըլ­լալ եւ մա­նա­ւանդ ա­ռատ ջուր կամ հիւ­թեր խմել: Ան­շուշտ, ա­կում­բին մէջ միշտ կը տրա­մադրուի անհ­րա­ժեշտ սնուն­դը ա­րիւն տա­լէն ան­մի­ջա­պէս ա­ռաջ եւ յե­տոյ:
• ­Նա­խորդ գի­շե­րը նո­ւա­զա­գոյ­նը 5-6 ժամ լաւ քնա­ցած ըլ­լալ:
• ­Նա­խորդ ի­րի­կուն խմիչք սպա­ռած պէտք չէ ըլ­լալ (մէկ գա­ւաթ խմիչքը խնդիր չէ):
• ­Չենք կրնար ա­րիւն տալ ե­թէ ան­թի­պիո­թիք դեղ կ’առ­նենք:
• Ե­թէ դա­ջո­ւածք (tattoo) ու­նիք ձեր մարմ­նին վրայ, նո­ւա­զա­գոյ­նը վեց ա­միս պէտք է ան­ցած ըլ­լայ այն օ­րէն որ դա­ջո­ւած­քը ը­րած էք:
• Ա­րիւն տա­լու թո­ւա­կա­նէն նո­ւա­զա­գոյ­նը 24 ժամ ա­ռաջ ո­րե­ւէ դեղօրայք չգոր­ծա­ծել, նոյ­նիսկ աս­փի­րին, որ­պէս­զի ա­րիւն ներարկուողին ա­ռող­ջու­թիւ­նը չվտան­գո­ւի:
• ­Ձեր հետ ու­նե­ցէք անձ­նա­գիր եւ ա­րիւ­նա­տո­ւի քար­տը:
• Ու­րախ տրա­մադ­րու­թիւն ու­նե­նալ, ո­րով­հե­տեւ ա­րեան նուիրա­բե­րու­մը կեան­քի թան­կա­գին նո­ւէր է՝ ա­նոր կա­րի­քը ու­նե­ցող հայ­րե­նա­կի­ցի մը հա­մար:

ՀԱՅ ԿԱՊՈՅՏ ԽԱՉԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ