Այդ Միւս Հակառակորդը (Վեհանոյշ Թեքեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Մեր հացը հարամ ընող՝ Ազերիին, Թուրքին, Վրացիին, Պարսիկին, Հրեային ու Ռուսին կողքին ուրի՛շ մըն ալ ունինք, որուն անունը կու տանք ու սուսիկ-փուսիկ կ՚անցնի՜նք։ Շատ-շատ գլուխնիս կ՚օրօրենք։ Մենք հոս քանի՛ ցեղ իրար անցեր ենք, ան ինչ որ ըսէ՝ չենք կրնար առարկել։ Ինքը անյայտ է՝ յայտնութիւններ կ՚ընէ, Քարթ Պլանշ կու տայ չարերուն։

Ձայն չունի՝ իշխանաւորներուն յոխորտալ կու տայ։ Ականջ չունի որ լաց ու հառաչ, շէնքերու քանդում, թնդանօթի պայթիւն ու տրօնի հարուած լսէ։ Մէկ աչք ունի՝ ամէն բան կը տեսնէ։ Միայն երկու նօթա գիտէ՝ մեր երգերը լռեցուցեր է։ Ձեռք չունի՝ սահման կը գծէ։ Չունեցած յօնքերը կը պռստէ՝ «քանի որ զիս կարեւոր կը համարէք՝ ցուցմունքս պէտք է կիրարկէք», կ՚ըսէ։ Իր մասնագիտութիւնը Սովետական աշխարհագրութիւնը ըլլալուն՝ հայոց աշխարհը իրար անցուցեր է։

Անունը Ճի-փի-էս է։ Քանի՛ հոգի գիտէ մեր գլխուն Դամոկլեան Սուրի պէս կախուած Ճի-ՓԻ-Էս-ին գործելաոճը ինչ է։ Ո՞ւր ծնած է, երբ յայտնուեցաւ։ Հետապնդած նպատակը յայտնի դարձաւ արդէն։ Հարկաւ բարդ ու խճճուած բան մը ըլլալու է։ Մեր ինքնաշարժի ճի-Փի-Էս-ը ելակէտդ գիտէ, մեկնակէտիդ ուղղութիւնը կու տայ, երբեմն մանուածապատ ճամբաներ կը նշէ, որ կը հեռացնէ կը բարդացնէ նշանակէտդ։ Պէտք է պահ մը առանձնանաս, վեր-վար ընես, որովհետեւ միշտ չէ որ անոր խելքը գլուխն է։

Ես ալ ունիմ քաղաքական Ճի-ՓԻ-Էս մը։ Իմս ամբողջ Հայաստանը, Արցախը, Արեւմտահայաստանը ծայր-ծայր կ՚ընդգրկէ։ Թուրքին խլածը մեր կողմը կը դարձնէ. Արարատը մեզի կը վերադարձնէ։ Արդարամիտ է։

Խիստ անհրաժեշտ բան մը կ՚ընենք եթէ ա՛յս Ճի-Փի-էսը հասցնենք Փութինին, որ ձիու մը վրայ նստած, կուրծքը բաց՝ որսի կ՚ելլէ յաճախ։ Վայրի կենդանիներ որսալ շատ լաւ գիտէ։ Թակարդը կը լարէ կենդանիին կը գոհացնէ ՝ մէկ կողմ կը կենայ։ Անոր փորը կուշտ՝ մրափած պահուն կը հարուածէ՛ կը սպաննէ։ Ձուկ որսա՞լը – խայծը կը նետէ, ձուկը կը կարծէ թէ կեանքը պիտի երկարի. Խո՛ւբ, կը խեղդուի։ Անոր ալ վերջը անանկ կուգայ։

Հարցը՝ ճիշդ Ճի-փի-էսը ճիշդ տեղը հասցնելն է։ Կարեւոր չէ եթէ ժամանակը քիչ մը ուշ է։ Աշխարհահռչակ հայ գիտնականներ ունինք. Հրատ հասնելու ճամբան իսկ գտած են։ Այնքան ատեն որ Ճի-փի-էս-ին մնացեր է մեր հողերուն ճակատագիրը եւ հետեւաբար մեր հալ ու մաշ ըլլալը, մեր գիտնականները պէտք է մթնոլորտին մէջ ծուարած ալիքները խառնշտկեն, հայոց պատմութեան կայծակներն ու օգոստափառ գարունները ուսումնասիրեն, եւ ուրկէ՛ որ հայկական յիշատակներու ծուխ կը բարձրանայ՝ անո՛նք դնեն Ճի-Փի-Էս-ին մէջ իբրեւ մեր սահմանները։

Քանի որ ճի-Փի-Էս-ին խօսքը խօսք է՝ վերը յիշուած թշնամիները՝ յերիւրանքներու, բռնութեան, գազանանումի, ամբարտաւանութեան, անյագութեան, սուտի եւ կեղեքումի մեղքերէն կ՚ազատին, (բայց տակաւին դժոխք կ՚երթան)։ Մենք ալ կը վերադառնանք խաղաղութեան ծոցը եւ կ՚արծարծենք մշակոյթի բոցը։ Բայց չենք մոռնար, Օ՜ չենք մոռնար, մեր ներքին եւ արտաքին թշնամիներուն մեզի տուած խոցը։

Ճշմարիտ բանաստեղծ՝ Յովհաննէս Շիրազ կ՚ըսէ հիմա.-

«Մենք խաղա՜ղ էինք մեր լեռների պէս,

Դուք՝ հողմերի պէս խուժեցիք վայրագ։

…..Բայց մենք յաւերժ ենք մեր լեռների պէս,

Դուք՝ հողմերի պէս կը կորչէ՛ք վայրագ։»