Ազրպէյճանի Բռնապետը Անձամբ Հրահանգած է Արցախի Յուշարձաններուն Վրայէն Ջնջել Հայկական Գրութիւնները

Աշխարհ, Հայաստան

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը հրամայած է Արցախի Հանրապետութեան գրաւուած տարածքներուն մէջ գտնուող յուշարձաններուն վրայէն ջնջել բոլոր հայկական գրութիւնները: Այս մասին Twitter-ի միջոցով կը յայտնէ Հոլանտայի մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Բալայեան։

«Ազրպէյճանի բռնապետը անձամբ հրահանգած է ջնջել Արցախի գրաւուած տարածքներէն հայկական հետքերը։ Ալիեւի վարչաձեւի ռազմական յանցագործութիւնները կը շարունակուին ամբողջ ծաւալով»,- գրած է Բալայեան։

Ալիեւի կնոջ ու դստեր Հադրութ այցելութեան մասին հրապարակուած տեսանիւթերը ուսումնասիրելէ ետք՝ լրատուամիջոցները նկատած էին, որ եկեղեցիներուն մէջ արդէն խաչեր չկան։

Այսօր ալ տարածուած են լուսանկարներ, որ աւերուած է Շուշիի «Կանաչ ժամ» եկեղեցին։

Յիշեցնենք, որ Արցախի դէմ ռազմական յարձակումներուն հետեւանքով Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ մնացած են հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի առնուազն 1456 նշանաւոր անշարժ յուշարձաններ՝ 161 վանքեր եւ եկեղեցիներ, 591 խաչքարեր, Տիգրանակերտի, Ազոխի, Նոր Կարմիրավանի, Միրիկի, Կերենի հնավայրերն ու բազմաթիւ բերդեր, ամրոցներ, սրբավայրեր եւ այլ յուշարձաններ: