Հայաստանի Երիտասարդ Կռփամարտիկները Աշխարհի Ախոյեանութեան Կը Պատրաստուին

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի կռփամարտի երիտասարդական հաւաքականը սկսած է իր նախապատրաստութեան` Լեհաստանի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութեան:

Երիտասարդական հաւաքականը` գլխաւոր մարզի Կարէն Աղամալեանի գլխաւորութեամբ, Ծաղկաձորի մէջ սկսաւ ուսումնամարզական հաւաքի մը, որ կ՛աւարտի 23 մարտին:

Ծաղկաձորեան հաւաքէն ետք երիտասարդ կռփամարտիկները այլ հաւաք մըն ալ պիտի կատարեն Երեւանի մէջ:

Նշենք, որ աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 10-24 Ապրիլին: