Հայրենիքը Պահելու Նախապայմանը Այնտեղ Ապրիլն է․ ՀՅԴ Երիտասարդականի Արցախեան Ծրագրերը (տեսանիւթ)

Հայաստան, Սփիւռք

ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակը Արցախի մէջ սկսած է չորս ուղղութիւններէ բաղկացած լայնածաւալ ծրագիր մը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Yerkir.am-էն։

«Հայրենիք պահելը դիւրին գործ չէ, հայրենիք պահելու առաջին նախապայմանը հայրենիքի մէջ ապրիլն է, որ միասնաբար պէտք է յաղթահարենք»,- Արցախի մէջ կայացած ասուլիսին ընթացքին ծրագիրը ներկայացնելով նշեց ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Արշակ Մեսրոպեան։ Ան ընելիքը ներկայացուց ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան կեդրոնական վարչութեան անդամ Անի Յովհաննիսեանի եւ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան անդամ Քրիստ Բրուտեանի հետ միասին։

1-ին ուղղութիւնը օժանդակութեան ծրագրերն են՝ մարդասիրական, բարեսիրական աշխատանքները, որոնցմով պիտի հոգան տեղահանուած ընտանիքներու կարիքները, նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւն պիտի տրամադրեն զոհուած, վիրաւոր, անհետ կորած զինծառայողներու ընտանիքներուն։ Այս աշխատանքը ՀՅԴ երիտասարդական կառոյցը պիտի իրականացնէ քոյր կառոյցի՝ ՀՕՄ-ի հետ համագործակցութեամբ։

2-րդ ուղղութիւնը կը վերաբերի պատանեկան ոլորտին, որպէսզի Արցախի երեխաներն ու պատանիները դուրս գան այս ճնշուած վիճակէն։ Անիկա կ՝ընդգրկէ դաստիարակչական, կրթական, ժամանցային ծրագրեր։

3-րդ ուղղութիւնը կը վերաբերի երիտասարդական բնագաւառին։ Արշակ Մեսրոպեան ըսաւ, որ երիտասարդութիւնը իւրաքանչիւր երկրի ապագան է, եւ պէտք է ամէն ինչ ընել, որ Արցախի երիտասարդութիւնը չլքէ հայրենիքը, որպէսզի սերնդափոխութեան եւ ապագայի խնդիրներ չունենանք։ Այս առումով, ՀՅԴ երիտասարդականը նախաձեռնած է Արցախի երիտասարդներու համար աշխատանքի, ապրուստի միջոցներու հայթայթման ծրագիր։ Առաջին փուլով պիտի իրականացուին պատրաստութիւններ՝ երիտասարդներու հմտութիւններու, գիտելիքներու զարգացման համար, ապա երկրորդ փուլով գաղափարները պիտի վերածեն փոքր գործառութիւներու, որ երիտասարդները արդիւնք ստանան։

«Մենք, իբրեւ կառոյց, ապահոված ենք հարթակը, ուր պիտի բերենք տարբեր ներդրողներ, որ երիտասարդներու մշակած ծրագրերը ներկայացնենք եւ անոնք արժանանան նիւթական աջակցութեան։ Մենք միջնորդ ենք»,- պարզաբանեց Արշակ Մեսրոպեան։

Ան նշեց, որ ընկերային-տնտեսական բարենպաստ պայմաններ ստեղծելը կը նպաստէ Արցախի երիտասարդութեան մնալուն երկրին մէջ, որ կը լուծէ նաեւ անվտանգութեան ապահովման խնդիր, եւ ՀՅԴ երիտասարդները՝ իրենց մշտական ներկայութեամբ ու հետեւողական քայլերով, կանգնած պիտի ըլլան Արցախի երիտասարդութեան կողքին։

4-րդ ուղղութիւնը կամաւորական ծառայութիւններն են Արցախի տարբեր հաստատութիւններու մէջ։ Արշակ Մեսրոպեան տեղեկացուց, որ ՀՅԴ աշխարհասփիւռ երիտասարդական, ուսանողական միութիւններու անդամները գործուղումներով պիտի գան Արցախ, որ տարբեր հաստատութիւններու մէջ կամաւորական հիմունքով իրենց մասնագիտական ծառայութիւնները ներդնեն․ օրինակ, վերականգնողական կեդրոններուն, հիւանդանոցներուն, այլ հաստատութիւններու մէջ։

«Արցախի մէջ գոյութիւն ունին հիմնախնդիրներ․ առաջինը անվտանգութեան հարցի հետ կապուած անորոշութիւնն է, որ փարատելու նպատակով, այս կարգի նախաձեռնութիւններու միջոցով, պիտի փորձենք Արցախի մէջ մեր ներկայութիւնը եւ մեր աշխատանքը ապահովել, երկրորդը հասարակական խնդիրներն են, որ նոյնպէս պիտի լուծեն մեր նախաձեռնութիւնները։ Նպատակը այս երկու խնդիրներէն բխած՝ բնակչութեան արտագաղթի տրամադրութիւնները կասեցնելն է»,- ըսաւ Արշակ Մեսրոպեան։

Ան նկատեց, որ ՀՅԴ երիտասարդականը յանձնառու է Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ իր ամբողջական ներուժը ներդնելու, որպէսզի խաղաղ հանգուցալուծումը եւ հայանպաստ կարգաւորումը հասնի իր աւարտին։

«Վերջին պատերազմին ընթացքին ՀՅԴ աշխարհասփիւռ երիտասարդականը կը պայքարէր 3 հիմնական ճակատով․ առաջին՝ ՀՅԴ կամաւորական գումարտակով յստակ խնդիր ունէր Արցախի հիւսիսային ուղղութեամբ սահմանագիծերը պաշտպանելու, երկրորդ՝ արտաքին քաղաքական ուղղութիւնը, երբ իրենց երկիրներուն մէջ լայնածաւալ բողոքի եւ իրազեկման քայլեր կ՝իրականացնէին, երրորդ՝ թիկունքային օժանդակութիւնը, երբ տարբեր պարագաներ կը հասցնէին մարտնչող երիտասարդներուն եւ հայրենիքին»,- ըսաւ Արշակ Մեսրոպեան։

Մանրամասն՝ տեսանիւթով․