Նորագիր ՀՕՄ-ուհիները, «Զօրաց» Պանթէոնին Մէջ, Ուխտեցին Ծառայել Հայրենիքին (տեսանիւթ)

Հայաստան

Պռոշեանի «Զօրաց» պանթէոնին մէջ, այսօր՝ Մարտ 8-ին, տեղի ունեցաւ նորագիր 19 ՀՕՄ-ուհիներու՝ Հայ օգնութեան միութեանն անդամակցող կանանց ուխտի արարողութիւնը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Երկիր»-էն։

Աւանդոյթին համաձայն՝ մինչեւ ՀՕՄ-ին միանալը, խորհրդաւորութեամբ կը կատարուի ուխտի արարողութիւն։ Կիները կ՝երդուին անձնուիրաբար եւ խոնարհաբար ծառայել հայ ժողովուրդին ու հայրենիքին:

Սրբազան վայրը «Զօրաց» պանթէոնն էր, ուր ամփոփուած են Արցախեան պատերազմներուն ինկած մեր հերոսները։

Հայ օգնութեան միութեան հայաստանեան շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Մարինէ Համբարձումեան յայտնեց, որ պատերազմի ժամանակ ՀՕՄ-ը տարած է հսկայական աշխատանք․ այցելած է հիւանդանոցներ, զօրավիգ եղած վիրաւոր եւ զոհուած հերոսներու ընտանիքներուն։

ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութիւնը 1000 ընտանիքի ամսական տրամադրած է 250 ԱՄՆ տոլար, որպէսզի ծանր, դժուար ամիսներուն մարդիկ կարենան իրենց կեցութիւնը ապահովել։

«Մեզի մշտապէս աջակցած են Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան մեր ընկերները։ Դաշնակցութեան հետ կապը բաւական ամուր է։ Այսօր տղոց շիրիմները այցելելով նաեւ կ՝ուզենք ցոյց տալ, որ իրենց ընտանիքները չենք մոռնար, որ իրենց ըրած աշխատանքը երկրի, խաղաղութեան համար շատ մեծ է։ Ցաւ կ՝ապրիմ, որ մեր հերոսներու ըրածին համարժէք պատասխան չեղաւ։ Անոնք չէին գիտեր, որ Շուշին եւ Հադրութը պիտի տրուէին»,- կ՝ըսէ Մարինէ Համբարձումեան։

Մանրամասները տեսանիւթով՝

Լիանա Սարգսյան