Լիբանանեան Դրամանիշին Արժէքը Կը Շարունակէ Իր Գահավէժ Ընթացքը, Իսկ Բողոքի Ցոյցերը Կը Շարունակուին

Աշխարհ

Ամերիկեան տոլարի սակը կը գտնուի 11.000-ի սեմին, իսկ լիբանանեան դրամանիշի արժէքի անկումին, սղաճին, փտածութեան, տնտեսական տագնապին, անօթութեան ու աղքատութեան դէմ բողոքի ցոյցերը շարունակուեցան ամբողջ շաբաթավերջին:

«Ազդակ»-ի տեղեկութիւններով՝ տարբեր շրջաններու մէջ ցուցարարներ հրկիզուող անիւներով, հրկիզուող աղբամաններով եւ փայտեայ կազմածներով փորձեցին փակել ճամբաները:

Համրա շրջանին մէջ ցուցարարները վար առին Կեդրոնական դրամատան դրօշը, կոխկռտեցին ու ապա հրկիզեցին զայն` պահանջելով պաշտօնազրկել Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն: