ՀՀ ՄԻՊ Աշխատակազմը Ահազանգեր Ստացած է, որ ՀՀ ԱԺ Պատուհաններէն Բացայայտ Կ՝երեւին Դիպուկահարներ՝ Բաղրամեան Պողոտային Վրայ Տեղի Ունեցող Հաւաքին Ուղղութեամբ

Հայաստան

ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը ստացած է ահազանգեր առ այն, որ ՀՀ Ազգային ժողովի պատուհաններէն բացայայտ կ՝երեւին դիպուկահարներ Բաղրամեան պողոտային վրայ տեղի ունեցող հաւաքին ուղղութեամբ: Արձանագրուած են նաեւ նման հրապարակային անհանգստութիւններ:

Պաշտպանի աշխատակազմը դիտարկում կ՝իրականացնէ լրատուամիջոցներով եւ հաւաքի վայրին մէջ, ուր առկայ են նաեւ երեխաներ ու տարեցներ:

ՀՀ Ազգային ժողովի շէնքի պատուհաններէն հրազէնի բացայայտ ցուցադրութիւնը, ներառեալ՝ զինուորական համազգեստով դիպուկահարներու ցուցադրական ներկայութիւնը խաղաղ հաւաքին պետութեան կողմէ գործադրուած անվտանգութեան անհամարժէք միջոց է այս պահուն Բաղրամեան պողոտայի վրայ առկայ իրավիճակին մէջ:

Պետութիւնը կրնայ անվտանգութեան միջոցներ ձեռնարկել, բայց անոնք իւրաքանչիւր պարագայի պէտք է հաշուի առնեն յստակ իրավիճակը եւ պէտք չէ ըլլան այնպիսին, որ ստանան խաղաղ հաւաքին մասնակցութիւնը կանխող կամ անհանգստութիւն պատճառող բնոյթ: