Զինուած Ուժերը Մշտապէս Պէտք է Ըլլան Բոլորիս Հոգածութեան Ներքոյ. ՀՀ Նախագահ

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այսօր՝ Մարտ 3-ին, հանդիպած է ՀՀ Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ, զօրավար-գնդապետ Օննիկ Գասպարեանի հետ: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի գրասենեակէն։

Զրուցակիցները մասնաւորապէս անդրադարձած են վերջին իրադարձութիւններուն առնչութեամբ ստեղծուած լարուած իրավիճակին: Նշուած է, որ, անկախ այդ կապակցութեամբ որոշումներէն, առաջնահերթ կարեւորութիւն են երկրի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը:

Նախագահ Սարգսեան նշած է, որ զինուած ուժերը մշտապէս պէտք է ըլլան բոլորիս հոգածութեան ներքոյ, եւ ինքը պիտի շարունակէ ուշադրութեան կեդրոնին պահել բանակն ու անոր խնդիրները: