«Մեր Ներկայութեամբ, Վճռականութեամբ, Պինդ Կանգնելով Պիտի Հասնինք Արդիւնքի». Մարտ 3-ին, Ժամը 16:00-ին Հանրահաւաք Բաղրամեան Պողոտայի Վրայ

Հայաստան

Մարտ 3-ին՝ ժամը 16։00-ին, Բաղրամեան պողոտային վրայ տեղի պիտի ունենայ Հայրենիքի փրկութեան շարժման յաջորդ հանրահաւաքը։ Այս մասին յայտարարած է Շարժման համակարգող Իշխան Սաղաթելեան։

«Բանակի եւ Հանրապետութեան նախագահի վրայ կը շարունակուին ճնշումները։ Մեր աջակցութիւնը շատ կարեւոր է։

Մեր ներկայութեամբ, վճռականութեամբ, պինդ կանգնելով պիտի հասնինք արդիւնքի։ Բաղրամեան պողոտան մեր պայքարի հրապարակն է, ասիկա մեր տունն է, խրամատը։ Եկէք համաձայնինք, որ այս հրապարակը պիտի ազատենք այն պարագային, երբ այս դաւաճանը հեռացնենք։ Ասիկա այն խրամատն է, որ պէտք է ամուր պահենք։ Այստեղէն կը թելադրուի Հայաստանի քաղաքական օրակարգը, Նիկոլը գոյութիւն չունի եւ վերջ»,- ըսած է Սաղաթելեան։