Թոյլ Չենք Տար, Որ Ապաշնորհ, Դաւաճան Վարչապետը Քանդէ Հայոց Բանակը. Յայտարարութիւն

Հայաստան

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ազատամարտիկներու յանձնախումբը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, ուր նշուած է.

«Յաջակցութիւն ՀՀ զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի Փետրուար 25-ի յայտարարութեան` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ազատամարտիկներու յանձնախումբը ազատամարտիկներու, այսօրուան նուիրեալ կամաւորականներու անունով կը յայտարարէ` ըլլալով Հայոց բանակի կազմաւորման հիմքերուն վրայ, միշտ սատարած եւ այսօր ալ կը սատարենք Հայոց բանակին, կանգնած ենք հայրենիքի եւ պետականութեան, անոր նուիրեալ զօրավարներուն, սպաներուն եւ զինուորներուն կողքին եւ թոյլ չենք տար, որ ապաշնորհ, դաւաճան վարչապետը եւ անոր շրջապատը քանդեն մեր ազգի եւ պետութեան անվտանգութեան միակ երաշխաւոր Հայոց բանակը, այն ալ` այսպիսի վտանգաւոր ժամանակներու մէջ»: