Կոչ Կ՝ընեմ Ազրպէյճանին Անյապաղ Ազատ Արձակել Բոլոր Հայ Գերիները. Եւրոպական ՄԻՊ Գլխաւոր Քարտուղար

Uncategorized, Աշխարհ, Հայաստան

Եւրոպական Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանի գրասենեակի գլխաւոր քարտուղար Ժոզէֆ Սիկելէի յայտարարութիւնը Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայկական կողմի գերիները՝ զինծառայողներն ու քաղաքացիական անձերը անյապաղ ազատ արձակելու վերաբերեալ։ Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ ՄԻՊ Արման Թաթոյեան եւ կից հրապարակած յայտարարութիւնը:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Ես կոչ կ՝ընեմ Ազրպէյճանին անյապաղ ազատ արձակելու Լեռնային Ղարաբաղի վերջին հակամարտութեան հետեւանքով Ազրպէյճանի մէջ գերութեան մէջ պահուող բոլոր հայ ռազմագերիներն ու քաղաքացիական անձերը:

Զինուած հակամարտութեան հետեւանքով անազատութեան մէջ գտնուող իւրաքանչիւր ոք պէտք է վերադարձուի անմիջապէս ռազմական գործողութիւններու աւարտէն ետք եւ առանց որեւէ նախապայմանի:

Ատիկա պէտք է դիտարկուի բացառապէս մարդու իրաւունքներու եւ մարդասիրական գործընթացի ծիրէն ներս՝ իբրեւ ինքնաշխատ գործողութեան միջազգային պահանջ։

Հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձանց վերադարձի ձգձգումները կը խաթարեն մարդկային արժանապատւութիւնը եւ լրջօրէն կը խախտեն Ժընեւեան համաձայնագրերով երաշխաւորուած հիմնարար պահանջները։ Ասիկա կոպտօրէն կը խարխլէ յետպատերազմական փուլի մարդասիրական գործընթացն ու մարդու իրաւունքները երաշխաւորող միջազգային իրաւագրերը:

Գերիները ազատ արձակելը եւ անոնց անվտանգ վերադարձը կը պահանջեն անյապաղ լուծում»: