Ընդդիմութիւնը Պատուիրակութիւն Կ՝ուղարկէ ՀՀ Նախագահին Մօտ

Հայաստան

Հայրենիքի փրկութեան շարժումը պատուիրակութիւն կ՝ուղարկէ նախագահ Արմէն Սարգսեանի մօտ։ Այս մասին, ըստ
Sputnik Armenia-ի, Բաղրամեան փողոցին վրայ շարունակուող հանրահաւաքին ժամանակ յայտարարած է շարժման համակարգող Իշխան Սաղաթելեանը։

Անոր խօսքով՝ պատուիրակութիւնը նախագահին հետ պիտի քննարկէ երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը եւ հնարաւոր լուծումները։ Ան յայտնած է, որ Ազգային ժողովը նիստ չէ գումարած։ Սաղաթելեանի խօսքով՝ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը պարտաւոր է գալու Ազգային ժողով ու որոշում կայացնելու։

Սաղաթելեան անդրադարձած է նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութեան, թէ եթէ ընդդիմադիրները «քաղաքական յայտարարութիւններու չափը անցնեն, պիտի ձերբակալուին»։

«Գլուխդ պատին կու տաս, թէ կրնաս մարդ ձերբակալել»,- ըսած է ան ու նշած, թէ ոչ ոք իրաւունք ունի ժողովուրդը վախցնելու, իսկ իշխանութիւնը պարտաւոր է ժողովուրդին հետ հաշուի նստելու։