ՀՅԴ Լիբանանի Ընտանիքը ՀՀ Բոլոր Քաղաքացիներուն Կոչ Կ՝ընէ Քաղաքակիրթ Կերպով Համախմբուելու Հայոց Բանակին Շուրջ. Հաղորդագրութիւն

Հայաստան, Սփիւռք

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն, մեկնելով Հայաստանի ներքաղաքական զարգացումներէն, կ’ողջունէ Հայաստանի Հանրապետութեան հայոց բանակի բարձրագոյն հրամանատարական կազմի յայտարարութիւնը եւ իր անվերապահ ու ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ անոր:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Լիբանանի ընտանիքը կոչ կ’ուղղէ Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր քաղաքացիներուն, անկախ իրենց քաղաքական նախասիրութիւններէն եւ հայեացքներէն, այս ճակատագրական պահուն զերծ մնալու ենթադրեալ բախումներէ եւ սադրանքներէ, ցուցաբերելու բարձրագոյն աստիճանի զսպուածութիւն, զգօնութիւն եւ քաղաքակիրթ կերպով համախմբուելու Հայաստանի Հանրապետութեան կայունութեան, անդորրութեան եւ անվտանգութեան երաշխաւոր հայոց բանակին շուրջ։

Արդարեւ, համազգային այս անյետաձգելի համախմբման անհրաժեշտութեան կողքին, անյապաղ կը պահանջենք հեռացումը եւ հրաժարականը Նիկոլ Փաշինեանին եւ անոր գլխաւորած կառավարութեան, ինչպէս նաեւ կոչ կ’ուղղենք Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան` օրհասական այս փուլին միանալու հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի պաշտպանութեան ի խնդիր հսկայական զոհողութիւն կատարած հայոց բանակին, միասնաբա՛ր ապահովելու հայրենիքի անվտանգութիւնը, կայունութիւնը եւ ժողովուրդի արժանապատուութիւնը:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ