Արցախի Երիտասարդները Իրենց Աջակցութիւնը Յայտնած Են Հայոց Բանակին (լուսանկարներ)

Հայաստան

Այսօր՝ Փետրուար 25-ին, Արցախի երիտասարդները ցոյց կազմակերպած են Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ՝ իբրեւ աջակցութիւն հայոց բանակին:

«Ապառաժ»ի տեղեկութիւններով՝ երիտասարդները պահանջած են դաւաճաններուն հեռացումը:

Անոնց ձեռքին եղած պաստառներուն վրայ նշուած են հետեւեալ կարգախօսները՝ «Ազգադաւներ հեռու հայոց բանակէն», «Զինուորին դաւաճանողը ազգի դաւաճան է», «Ոչ դաւաճաններուն», «Առանց Նիկոլ Հայաստան», «Դաւաճաններ հեռացէք»: