Հայրենիքի Փրկութեան Շարժման Հանրահաւաքը ԱԺ-ի Մօտ

Հայաստան

Այսօր, Փետրուար 26-ին, ՀՀ Ազգային ժողովի շէնքին դիմաց տեղի ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող Հայրենիքի փրկութեան շարժման հանրահաւաքը։

«Ես կոչ կ՝ընեմ ոստիկաններուն միանալու ժողովուրդին եւ երկու կոպեկի համար չծառայելու»,- իր ելոյթին մէջ ըսաւ ՀՅԴ անդամ Գեղամ Մանուկեան։

Իր հերթին, Հայրենիքի փրկութեան շարժման վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան նշեց, թէ Իշխանութիւնը արդէն դատապարտուած է եւ այս իրավիճակին մէջ չի կրնար կառավարել։

«Պատկերացուցէք երկիր մը, որուն նախագահը, բանակը ամբողջ կազմով, եկեղեցին, ակադեմիան կը պահանջեն վարչապետի հրաժարականը, երկիր մը, ուր ժողովուրդին 80 տոկոսը դէմ է իշխանութեան եւ զգալի մասը կը պահանջեն հրաժարական, ալ ո՞վ մնաց, որո՞ւն կը կառավարէ ինքը»,- յայտարարեց
ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան՝ ընդգծելով, որ այս իրավիճակին մէջ շատ կարեւոր է Հայաստանի նախագահի դիրքորշումը։ «Զինուած ուժերու Գլխաւոր շտաբի պետ Օննիկ Գասպարեանի հեռացման դիմումը կը գտնուի նախագահի սեղանին։ Ան յայտարարած է, որ ատիկա պիտի չի ստորագրէ, բայց այդքանը բաւարար չէ։ Չստորագրելու պարագային, եռօրեայ ժամկէտէ ետք, ԳՇ պետը կը համարուի աշխատանքէ հեռացուած։ Անհրաժեշտ է, որ ՀՀ նախագահը՝ օրէնքի ծիրէն ներս՝ ներկայացնէ առարկութիւն, քանի որ ատիկա հակասահմանադրական է, եւ ներկայացնէ ՍԴ»,- ընդգծեց Սաղաթելեան։