Փարիզի Մէջ՝ Հրանդ Տինքի Յիշատակին Ձեռնարկ

Աշխարհ, Սփիւռք

Հրանդ Տինքի սպանութեան 14-րդ տարելիցին առիթով՝ Փարիզի քաղաքապետարանին հովանաւորութեամբ՝ 11 Փետրուարին տեղի ունեցաւ մեծարանքի առցանց երեկոյթ մը, որուն ընթացքին, ըստ «Նոր Յառաջ»-ի, արտայայտուեցան Փարիզ 10-րդ թաղամասի քաղապետուհի Ալեքսանտրա Քորտըպար, Փարիզի փոխքաղաքապետ Արնօ Նկաչա, «Հասարակաց երազանք» միութենէն Միշէլ Մարեան, Հրանդ Տինքի այրին՝ Ռաքէլ Տինք, Թուրքիոյ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան նախկին համանախագահ, ներկայիս բանտարկուած՝ Սելահէտտին Տեմիրթաշի կինը՝ Պաշաք Տեմիրթաշ, եւ ուրիշներ։