Գանատայի Խորհրդարանի Նիստին Ընթացքին Յիշատակուեցաւ Սումկայիթի Հայոց Ջարդը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Փետրուար 19-ին, Սումկայիթի հայոց ջարդերու 33-րդ տարելիցի նախօրեակին, Գանատայի խորհրդարանի անդամ Պապ Սարոյա խորհրդարանի պատգամաւորական հերթական նիստիգն ընթացքին յատուկ ելոյթով ոգեկոչեց սումկայիթեան ջարդերուն զոհ գացած անմեղ հայերու յիշատակը։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակը։

Մեծն Թորոնթոյի Մարքամ ընտրատարածքի երեսփոխան, Պահպանողական կուսակցութեան անդամ Պապ Սորայա խստօրէն դատապարտելէ ետք 1988 թուականի Փետրուար 27-ին հայերու դէմ գործադրուած ատրպէյճանական զանգուածային ջարդերը՝ նշեց, որ անցնող Սեպտեմբերին պատմութիւնը կրկնուեցաւ, երբ Ազրըպէյճանը սանձազերծեց պատերազմ Արցախի դէմ։ Ան յիշեցուց, որ պատերազմը պատճառ դարձաւ հազարաւոր հայերու փախստական դառնալուն եւ կալանքի տակ գտնուող հարիւրաւոր հայ ռազմագերիներու Ազրպէյճանի կողմէ անմարդկային վերաբերմունքի ենթարկուելուն։ Ան իր խօսքը եզրափակեց շեշտելով, որ անհրաժեշտ է պատմութենէն դասեր քաղելով միշտ կանգնիլ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ արդարութեան կողքին։

1988-1990 Պաքուի իրականացուցած հայերու զանգուածային ջարդերուն հետեւանքով՝ վտարանդի դարձաւ Ազրպէյճանի ամբողջ հայ համայնքը։