ԱՄՆ Քոնկրեսի 100 Անդամ Պայտընի Վարչակազմին Կոչ Կ՛ուղղէ Արցախի Եւ Հայաստանի Կողքին Կանգնելու

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի հարիւր անդամներ Ճօ Պայտընի վարչակազմին կոչ կ՛ուղղեն` շօշափելի քայլերու ձեռնարկելու Արցախի գոյատեւման եւ Հայաստանի անվտանգութեան համար: Այս մասին կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներուն հասցէագրուած նամակին մէջ կ՛ընդգծուի Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած ճգնաժամին լրջութիւնը, որ յառաջացած է անցեալ տարուան աշնան ազրպէյճանաթրքական յարձակումին պատճառով: Քոնկրեսականները Միացեալ Նահանգներու կողմէ շտապ գործողութիւններ կ՛առաջարկեն:

Անոնք Պայտընի վարչակազմին կոչ կ՛ուղղեն` Արցախի ժողովուրդին` իր համայնքները վերականգնելու համար, մասնակցելու Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի վրայ հիմնուած շրջանային կայուն լուծման որոնումներուն, ճանչնալու Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը եւ դերը` իբրեւ այդ տագնապի լուծման օրինական բանակցային կողմ, առանցքային դեր ունենալու հայ գերիներու անյապաղ ազատ արձակումը ապահովելու գործին մէջ, աջակցելու Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ազրպէյճանական յարձակումին պատճառով տեղահանուած հայերուն, ինչպէս նաեւ նախագահ Պայտընին կոչ կ՛ուղղեն` ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: