Եւրոպայէն 80 Երիտասարդ Կը Սկսի HAYTADOLOGY II. Դասընթացին

Հայաստան, Սփիւռք

Կիրակի 21 Փետրուար 2021 երեկոյեան սկիզբ առաւ Աւստրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին Կազմակերպած HAYTADOLOGY II. Հայկական Ժամանակակից Հարցերու նուիրուած Խտացեալ Դասընթացը՝ առցանց Zoom հարթակի վրայ: Չորս օրերու վրայ երկարող դասընթացքին մասնակցութիւն կը բերեն Եւրոպայի տարբեր երկիրներէ սոյն թեմայով հետաքրքուած աւելի քան 80 երիտասարրդներ:

Դասընթացի պաշտօնական բացման նիստին ելոյթ ունեցան Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Կեդր. Գրասենեակի Նախագահ Կիրօ Մանոյեանն ու Աւստրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի Ներկայացուցիչ Գէորգ Յակոբճեանը, որոնք ներկայացուցին դասընթացքին կարեւորութիւնը համազգային ճգմաժամի այս օրերուն ու անոր հետապնդած նպատակները:

Դասընթացը կը նպատակադրէ Եւրոպայի մէջ ապրող երիտասարդներուն վերջին ամիսներու հայկական իրադարձութիւններուն եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն մասին համապատասխան գիտելիքներով օժտել ու զանոնք Եւրոպայի մէջ հանրայնացնելու եւ ի նպաս հայութեան, Հայաստանի ու Արցախի աշխատանք տանելու հմտութիւններն ու գործընթացները զարգացնել:

Դասընթացը սկիզբ առաւ Նոյեմբեր 9-ի Եռակողմ Յայտարարութեան նուիրուած նիստով: Նիստին ընթացքին յայտարարութեան 9 կէտերը մանրամասն քննարկումի եւ վերլուծութեան ենթարկուեցաւ իրաւական, քաղաքական ու ընկերահոգեբանական դիտանկիւններէ առնուած:

Յայտարարութեան իրաւական ուժին եւ հետեւանքներուն մասին զեկուցեց իրաւաբան Ռուբեն Մելիքեան, անոր քաղաքական հետեւանքներուն մասին անդրադարձաւ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի անդամ, նախկին նախարար Արծուիկ Մինասեան, իսկ ընկերահոգեբանական հետեւանքներուն մասին՝ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի անդամ, ազգային ժողովի նախկին անդամ Լիլիթ Գալստեան: Բոլոր զեկուցաբերները շեշտեցին յայտարարութեան ունեցած կործանարար ազդեցութիւնն ու հետեւանքները, Հայաստանի ինքիշխանութեան եւ հայ ժողովուրդի ազգային անվտանգութեան տեսակետէն:

Երկրորդ նիստը հետեւեալ խորագիրը ունէր՝ «Տարածաշրջանային Վերջին Զարգացումներուն Լոյսին Տակ Հայաստան-Ազրպէյճան, Հայաստան-Թուրքիա Յարաբերութիւններ»: Նիւթը հանգամանօրէն ներկայացուց քաղաքագէտ, լրագրող, Միջազգային Յարաբերութիւններու Դոկտոր Աբրահամ Գասպարեան, որ մանրամասնօրէն ներկայացուց Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու հոլովոյթը տարածաշրջանային զարգացումներու լոյսին տակ:

Անդրադարձ կատրուեցաւ նաեւ սահմաններու բացման, ճանապարհներու ապաշրջափակման եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ վերսկսելու հաւանականութիւններուն ու անոնց հետեւանքներուն մասին: Յաջորդ օրերու մանրամասնութիւններուն մասին պիտի փոխանցուի օրը օրին եւ դասընթացքի աւարտին համապարփակ զեկոյց ներկայացուի:

Աւստրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբ