Արցախի Շարք Մը Համայնքներու Մէջ Հրթիռային եւ Այլ Ռումբերու Վնասազերծման Աշխատանքներ Կ՝ընթանան

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան տարածքին ամէն օր կը շարունակուին զէնք-զինամթերքի յայտնաբերման եւ անոնց ոչնչացման աշխատանքները:

Ներքին Գործոց Նախարարութեան Արտակարգ Իրավիճակներու ծառայութիւնը կ՝իրազեկէ, որ այսօր օրուան ընթացքին պայթուցիկ առարկաներու, հրթիռային եւ այլ ռումբերու վնասազերծման աշխատանքներ կը նախատեսուին Մարտակերտ քաղաքին մէջ, Մարտակերտի շրջանի Ն. Հոռաթաղ, Աղաբեկալանջ, Ճանկաթաղ, Մոխրաթաղ, Վարնկաթաղ համայնքներու տարածքներուն մէջ, Մարտունի քաղաքին եւ մօտակայ բնակավայրերուն մէջ, Ասկերանի շրջանի Խնածախ եւ Այգեստան համայնքներու մերձակայ տարածքին վրայ: