Շուտով Բողոքի Գործողութիւններ եւ Անհնազանդութեան Ցոյցեր ՀՀ Ողջ Տարածքին

Հայաստան

Հայրենիքի փրկութեան շարժումը կ՝ազդարարէ պայքարի նոր մեկնարկի մասին։

Պիտի սկսին բողոքի գործողութիւններ, անհնազանդութեան ցոյցեր, ինքնաշարժով երթեր ողջ հանրապետութեան տարածքին, եւ յամառ պայքարի շնորհիւ՝ ի վերջոյ ապիկար ու դաւաճան իշխանութիւնը պիտի հեռանայ։

Յառաջիկայ բողոքի գործողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի 22 Փետրուարին, ժամը 18։00-ին, Պրահայի այգիէն, ուրկէ պիտի սկսի անհնազանդութեան երթը։