Ապստամբութիւնները Զարգացման Հոլովոյթի Մղիչ Ազդակներ Են (Փետրուարեան Ապստամբութեան Պատգամները Յիշելով). «Գանձասար»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Պատմութիւնը մեր ժողովուրդի ձգտումներուն, իրականացուցածին եւ չիրականացուցածին հայելին է։ Այդ հայելին մեր կեանքի զարգացման փուլերուն արտացոլումն է, որուն կրնանք հետեւիլ ու անով առաջնորդուիլ։

Ապստամբութիւնները ո՛չ անիրականանալի իղձերու համար մղուած պայքարներ են, ոչ ալ ձախողութեան դատապարտուած շարժումներ։ Ընդհակառակն. անոնք ժողովուրդին պահանջները մարմնաւորող նախանշաններ են, յանդուգն շարժումներ, որոնք պէտք է առաջնորդեն ե՛ւ երկրի ղեկավարները, ե՛ւ այդ շարժումներուն ժառանգութեամբ հարստացած սերունդները՝ իմաստանալու, մեր ազգին ու հայրենիքին զարգացման լծակները արիութեամբ ձեռք առնելու եւ անոնց արդիւնաւորման համար իրենց կարելին ընելու։ Աւելին. բոլոր ժամանակներու մէջ կրաւորականութենէն դուրս գալով պարզապէս հեռացնելու ապազգային նկրտումներ ունեցող եւ օտար ուժերուն դիմաց ընկրկող ղեկավարները։ Այլապէս արիւնալի պայքարի, յեղափոխական մտքի ու արիութեան արդիւնքով ծայր առած ապստամբութիւնները կը կորսնցնեն իրենց իմաստն ու նպատակը։

Այդպիսի յանդգնութեամբ օժտուած էր անկախութիւն կերտած հայ ժողովուրդը 18 Փետրուար 1921-ին, երբ ՀՅԴ-ի առաջնորդութեամբ ապստամբութեան համաժողովրդային դրօշ կը բարձրացնէր պոլշեւիկեան բռնատիրութեան դէմ, որ մարդկային ու ազգային ոչ մէկ արժէք կը դաւանէր։ Ապստամբութիւնը կը սանձէր յեղկոմի անիրաւութիւնները մեծ զոհողութիւններու գնով։

Ապստամբութիւնը որքան որ պոռթկում է, մերժում բռնակալութեան, նոյնքան ալ դէպի նոր հորիզոն առաջնորդող քայլ մըն է, ազդանշան մը, որուն պէտք է յաջորդէ ծրագրաւորում, յառաջընթաց, նոր ռազմավարութիւն, երկրին ու մանաւանդ ժողովուրդին շահերը պաշտպանող ղեկավարներու ընտրութիւն։

Այլապէս ի՞նչ պիտի շահին երկիրն ու հայրենիքը, եթէ երկրի ղեկավարութիւնը ստանձնած ուժեր, առնուած այդ պայքարի առաջին քայլերուն վրայ չկառուցեն յաջորդ քայլերը, ժողովուրդին կեանքը չբարելաւեն, հայրենիքը պաշտպանելու տրամաբանական ծրագիր ու աշխատանք չունենան ու ազատագրական պայքարի ճամբուն հարիւրաւորներու թափած արիւնը, անոնց պատգամը, անարդար կարգերու դէմ մղած կռիւը անտեսելով միայն իշխանութիւն պահելու համար գոյատեւեն, տարուէ տարի մարել եւ նսեմացնել փորձելով մարտունակ հերոսներու, մտաւորականներու, քաղաքական գործիչներու պայքարին ջահը։Եթէ մեր սերունդները չըմբռնեն, թէ ինչո՞ւ համար պայքարած են Վրացեաններն, Դրօները, Օհանջանեաններն ու Սասունիները, ինչո՞ւ համար պայքարած են Գարեգին Նժդեհներն ու Վարդանանց հերոսները, ինչո՞ւ համար գրիչ շարժած են Ռաֆֆիներն ու Աղբալեանները, եւ անոնց պայքարը ազգ ու հայրենիք պահելու իրենց կիզակէտին մէջ չունենան, պայքարի ժամանակակից միջոցներ չյօրինեն, անձնատուութեան ու կրաւորականութեան ամէնէն դիւրին ուղին կ՚ընտրեն, ու անտէր կը թողուն ե՛ւ ժողովուրդը, ե՛ւ հայրենիքը, ե՛ւ մեր հոգեւոր ու մշակութային հարստութիւնները։

Այս երեւոյթները կը տեսնենք ցաւօք մեր օրերուն, ամէն մակարդակներու վրայ։

Ընթերցե՛լ պատմութիւնը, քննակա՛ն ակնոցով ընթերցել, իմանալ մեր երկրին ու ժողովուրդին զարգացման հոլովոյթին անհրաժեշտ տարրերը ու յանդգնութեամբ պայքարիլ անոնց համար։ Այս կը թելադրեն Փետրուարեան ապստամբութեան, արցախեան շարժումին եւ Աւարայրի ճակատամարտին տարեդարձները։

Մտածենք ուրեմն… ի՞նչ ընել, ինչպէ՞ս ընել, որ նոր սերունդները ներշնչուելով մէկտեղ մտածեն պայքարի այդ ժառանգութիւնը արդիւնաւորելու մասին, ազգն ու հայրենիքը զարգացնելու, ժողովուրդի բարեկեցութիւնը ապահովելու եւ ներկայ աշխարհին մէջ մեր տեղն ու դերը յանդգնութեամբ, ինքնավստահութեամբ ամրապնդելու մասին։

Ի՞նչ ընել, ինչպէ՞ս ընել, որ մեր ժողովուրդը ազգին ու երկրին ղեկավարման համար ընտրէ հաւաքական իղձերով առաջնորդուող տարրեր ու արդարութիւն պահանջէ անոնցմէ։

Ի՞նչ ընել, ինչպէ՞ս ընել, որ մեր փոքր երկիրն ու փոքրաթիւ ժողովուրդը ծաղկի իր իմաստութեամբ, զինուորական ուժով, տնտեսութեամբ, գիտութեամբ եւ մշակոյթով։

Մեր ձեռքբերումները տօնակատարութիւններով, անցողիկ խանդավառութեամբ յիշատակելու եւ կրաւորական մնալու ծուղակէն խուսափինք վերջապէս՝ երիտասարդ մեր սերունդները վարժեցնելով քննական մտածողութեան, որպէսզի հակառակորդին ախորժակներուն դիմաց պաշտպանուիլ գիտնայ ան, իր ժողովուրդի վնասակար տարրերուն արարքները տեսնէ ու սրբագրէ եւ ապստամբ ժողովուրդի արիութեամբ ու միտքով առաջնորդուի։