Սուրիահայ Գինեգործ Վահէ Քէոշկերեան Արցախի Նախագահի Խորհրդական Նշանակուած Է

Հայաստան, Սփիւռք

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Փետրուար 19-ին ստորագրած է հրամանագիր, որուն համաձայն Վահէ Քէոշկերեան նշանակուած է նախագահի հասարակական հիմունքներով խորհրդական՝ զարգացման ծրագրերու գծով։ Այս մասին կը հաղորդեն ԱՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն։

Վահէ Քէոշկերեան ծնած է 1957 Մարտ 8-ին Սուրիա։ Աշխատանքային գործունէութիւնը սկսած է Իտալիոյ մէջ՝ հիմնելով գինէգործական ընկերութիւններ Տոսգանայի եւ Ապուլիայի շրջաններուն մէջ:

2009-ին իր ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Հայաստան եւ հիմնադրած գինէգործական-խորհրդատուական «Սեմինա Քընսալթինկ» ընկերութիւնը:

Վահէ Քէոշկերեան ներկայիս «ՈւայնՈւըրքս» (WineWorks) ընկերութեան սեփականատէրն է: