Մարսէյի «Ս. Սահակ Եւ Ս. Մեսրոպ» Մշակոյթի Կեդրոնը Յարձակումի Ենթարկուեցաւ

Աշխարհ, Սփիւռք

24 Յունուարի երեկոյեան ժամը 6:40ին, անյայտ անձեր կրակ բացին Մարսէյի «Սուրբ Սահակ եւ Սուրբ Մեսրոպ» մշակոյթի կեդրոնին ուղղութեամբ:

«Հայերն Այսօր»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, Աբովեան վարժարանի նախագահԿարէն Խուրշուտեան ըսաւ, թէ անիկա հայկական ամէնէն խորհրդանշական կեդրոններէն մէկն է: Սրահին մէջ շաբաթական դրութեամբ կ՛ուսանին առաւել քան 250 մանուկներ:  «Անհանգստութիւնս անսահման է: Վստահ եմ, որ Ֆրանսայի կառավարութիւնը պիտի երաշխաւորէ, որ հետագային կարելի ըլլայ անվտանգ գործունէութիւն տանիլ: Մենք անկոտրում ենք», հաստատեց Խուրշուտեան:

Յարձակումէն ետք ոստիկանութիւնը հասաւ եւ հետազօտեց դէպքին վայրը: Կրակոցէն կոտրած է երկրորդ յարկի պատուհանը, ուր դաշնակի դասեր կը տրուէին: Տուժողներ չկան:

Նշենք, որ, մշակոյթի կեդրոնի նախագահը ոստիկանութեան դէպքին վերաբերեալ բողոք ներկայացուց:

Սոյն մշակոյթի կեդրոնը հայկական կազմակերպութիւններու համակարգման կեդրոնատեղին է: Արցախեան պատերազմին ընթացքին այնտեղ կը  պատրաստուէր Մարսէյէն եւ Ֆրանսայի հարաւէն Հայաստան ուղարկուող մարդասիրական օգնութիւնը:

Մինչ այդ նման դէպքեր տեղի ունեցած էին Պերլինի, Սան Ֆրանսիսքոյի, Փարիզի եւ Տեսինի մէջ, երբ վանտալիզմի ենթարկուեցան Կոմիտասի արձանը եւ Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը: Այս գործողութիւններուն մէջ ներգրաւուած էր «Գորշ գայլեր» թրքական ծայրայեղ ազգայնական խմբաւորումը, որ Ֆրանսայի մէջ լուծարուեցաւ: