Արման Ծառուկեան Իր Յաղթանակը Հայկական Եռագոյնով Տօնեց

Աշխարհ, Սփիւռք

Ապու Տապիի մէջ, շաբաթավերջին տեղի ունեցած խառն մենամարտերու` «U.F.C.257»ի մրցաշարքի ծիրին մէջ, յաղթանակ արձանագրեց Արման Ծառուկեան: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ասպարէզ»էն։

Ռուսահայ մարտիկը, որ մենամարտեցաւ ամերիկացի Մեթ Ֆրեվոլայի դէմ, երեք ռաունտերուն ալ յաղթանակ արձանագրեց իր մրցակիցին դէմ, իրաւարարներու միաձայն որոշումով` 30-27, 30-27 եւ 30-26 արդիւնքով: Ան յաղթանակը հայկական եռագոյնով տօնեց:

Ծառուկեան, որ իր արհեստավարժ ասպարէզի 16-րդ յաղթանակը արձանագրեց՝ ցարդ կրած է միայն 2 պարտութիւն: