Փաշինեան Չի Գիտեր Շուշիին Դերը՝ Հայ Հասարակական-Քաղաքական ու Մշակութային Կեանքին Մէջ. Լիլիթ Գալստեան

Հայաստան

ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Լիլիթ Գալստեան Tert-ին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ 20 Յունուարին Ազգային ժողովին մէջ, Նիկոլ Փաշինեանի կատարած յայտարարութիւններուն։

Խօսելով Փաշինեանի հետեւեալ յայտարարութեան՝ մասին «ուզում էք ասել 90 տոկոս եւ աւելի ատրպէյճանական բնակչութիւն ունեցող Շուշին հայկակա՞ն է իր այդ կարգավիճակով»՝ Գալստեան ըսաւ, որ դաւաճան մոլագարէն այլ բան կարելի չէ ակնկալել:

«Եթէ պետական համալսարանը աւարտած ըլլար կամ գոնէ դասի գացած ըլլար՝ կ՛իմանար, թէ Շուշին հայ հասարակական-քաղաքական ու մշակութային կեանքին մէջ ինչ առանցքային դերակատարութիւն ունեցած է: Բայց այդ ազգադաւ դաւաճանը եկած է սպասարկելու թուրք-ազրպէյճանական շահերը, ինքը անոնց հերոսն է: Այսօր ազրպէյճանական մամուլը կը ցնծար անոր մտքի գոհարներէն: Չեմ զարմանար, որ վաղն ալ հայերս մեղադրէ Ցեղասպանութեան մէջ: Գուցէ, իսկապէս, կը փորձէ անմեղսունակութեան կանխավարկածով վաղը միւս օրը խուսափիլ դատարանի առջեւ կանգնելէն: Կամ Հայաստանէն փախչելու հող կը նախապատրաստէ: Ամէն պարագայի, ասիկա թերի մարդու զառանցանք է»,- յայտարարեց Գալստեան:

Անդրադառնալով Փաշինեանի այն արտայայտութեան, թէ՝ «երբեք այսքան գերի չի վերադարձուել Հայաստան, քան Նոյեմբերի 9-ից յետոյ»՝ Լիլիթ Գալստեան ըսաւ, շատ ցաւալի է, որ այս որակով մէկը դեռ կը շարունակէ տէ ֆաքթօ ըլլալ Հայաստանի վարչապետ: «Ասիկա ողբերգութիւն է: Նաեւ այն է ողբերգութիւն, որ խորհրդարանին մէջ նստած քաղաքական մեծամասնութիւնը խոնարհաբար կը լսէ այս զառանցանքը: Դժուար չէ պատկերացնել, թէ միջազգային հանրութիւնը ինչպէս կը հրճուի այս անմեղսունակութեան վրայ: Կը կարծէք ան ինչո՞ւ թուրք–ազրպէյճանական փողոցային ֆոլկլորի հերոս դարձած է: Երկիրը ափսոս է. պետականութիւնը մեր աչքի առջեւ փշուր-փշուր կը քանդուի: Նիկոլը գողցած է պետութիւնը, ոչ մէկ հիմնարկ կաշխատի»,- յայտնեց Գերագոյն մարմինի անդամը:

Ըստ Գալստեանի՝ այս արտայայտութիւնները Նիկոլի տգիտութեան դրսեւորումներն են, իսկ այս բոլորին վրայ կ՛աւելնայ այն, որ ան կ՛ուզէ հասարակութեան նուազ կրթուած զանգուածը մոլորեցնել, ինչ որ անոր հիմնական զէնքն է, իր խումբի հիմնական գործելաոճը:

Յայտնենք, որ խորհրդարանին մէջ Շուշիի մասին Նիկոլ Փաշինեանի կատարած վերջին յայտարարութիւնը տեղ գտած է նաեւ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն մէջ: Անոնք, յղում կատարելով Հայաստանի վարչապետին՝ գրած են, որ Նիկոլ Փաշինեան ըսած է. «Շուշին ատրպէյճանական քաղաք է»: