Ինչո՞ւ Հայաստան Ղեկավարութիւն Յառաջացնելու Դժուարութիւն Ունի. Յ. Պալեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ընտրութիւնները ազնուապետական են եւ ոչ ժողովրդավարական. անոնք կը յառաջացնեն վճռական ընտրանք մը. ընտրութիւնը «լաւագոյն քաղաքացիներուն», փոխան ամբողջ ժողովուրդի կառավարման:

Արիստոտէլ Ն.Ք. 384-322

            Մտածենք պահ մը մեր բազմատասնեակ կուսակցութիւններէն ոչ մէկուն անդամ եղած Արիստոտէլի հետ…

            Երեսուն տարիէ ի վեր Հայաստան հեղինակութիւն ունեցող իշխանութիւն յառաջացնելու խնդիր ունի: Նախագահներ եւ կառավարութիւններ փոխուեցան, բայց երկիրը չկայունացաւ: Կարծէք բոլորը մարզադաշտ իջած մրցակիցներ են, եւ խաղը կը վերսկսի: Դաշտին վրայ մենք ու մերոնք ենք: Օտար չկայ: Իրաւարար ալ չկայ:

Ճոն Շթայնպէք, Ի դարու ամերիկացի մեծ գրողը, իր East of Eden գիրքին մէջ կ’արտայայտէ խիստ ուշագրաւ միտք մը: Կ’ըսէ.

«Երբ մանուկ մը առաջին անգամ կը տեսնէ չափահասները ինչպէս որ են, երբ առաջին անգամ իր գլխուն մէջ կը մտնէ այն միտքը, որ չափահասները աստուածային ուշիմութիւն չունին, որ անոնց դատողութիւնները միշտ ալ լաւ չեն, խօսքերը՝ ճիշդ, իր աշխարհը փուլ կու գայ եւ տեղը կու տայ ահաւոր քաոսի մը: Կուռքերը կ’իյնան եւ այլես ապահովութիւնը կը չքանայ: Եւ երբ կուռք մը կ’իյնայ, այդ կիսով չ’ըլլար, ան կը ջախջախուի եւ կը փշրուի կամ կը մխրճուի աղբակոյտի մը մէջ: Ապա դժուար կ’ըլլայ զայն վերականգնել, եւ նոյնիսկ զայն զետեղել իր պատուանդանին վրայ, անասելի արատներ կը վկայեն անցեալի անկումը: Եւ մանկան աշխարհը այլեւս անեղծ չ’ըլլար: Այնուհետեւ դժուարութեամբ կը յառաջանայ մինչեւ չափահաս մարդու վիճակը»:

            Խօսքը կը վերաբերի մանուկին: Յաճախ մտածած եմ, որ ժողովրդական մտածողութիւնը, ընտրանքները, վերաբերումները, երբ կը դրսեւորուին որպէս հաւաքական հակազդեցութիւն, չե՞ն յայտնաբերեր Ճոն Շթայնպէքի դատումը: «Կուռքերը կ’իյնան… Երբ կուռք մը կ’իյնայ… կը մխրճուի աղբակոյտի մէջ… Այնուհետեւ (մանուկը) դժուարութեամբ կը յառաջանայ մինչեւ չափահաս մարդու վիճակը»: Այսինքն ժամանակ պէտք է որ մանուկը չափահաս դառնայ, զարգացնէ ինքնուրոյն դատելու եւ ընտրելու կարողութիւն: Առանց ոչ ոքի դէմ ըլլալու,           գէթ

մտածելու համար, Շթայնպէքի դիպուկ միտքը կրնա՞նք փոխադրել մեր իրականութեան մէջ, Հայաստան եւ սփիւռք, որպէսզի մենք մեզ ճանչնանք, եւ ինչպէս ըսուած է, յառաջանանք մինչեւ չափահաս մարդու վիճակը:

            Ինչպիսի գիտակցութիւն պէտք է, որպէսզի նուազ կուռքեր ստեղծենք եւ նուազ զբաղինք կուռքեր քանդելով:

Խորհրդային դրախտին մէջ կային կուռքեր: Սփիւռքը ստեղծած էր անփոխարինելիի-յաւերժացողի առասպել: Տեղ մը պարտադրուած սովորական ամբոխային համոզում եւ ապահովութիւն (Արեւ Ստալին), ուրիշ տեղ ջոջական-էսթէպլիշմընթ, հարուստներ, ամբոխավարներ եւ կողմնապաշտներ, փոխան ճիշդ մարդու:

            Հայաստանի յետ-խորհրդային քաղաքական կացութիւնը յատկանշուեցաւ կուռքերու ջախջախումով, որ դարձաւ սովորութիւն, մշակոյթ, կարծէք տարիներու ենթակայութիւնը եւ ընկճուածութիւնը յաղթելու փորձ: Միւս հանրապետութիւնները, ներառեալ Ռուսիան, ցնցումներէ ետք, կայունացան, ունեցան ապահովութիւն եւ տնտեսական վերելք, հակառակ անոր որ տնտեսական խաղքութիւնները եւ չարաշահումները ամենուրեք մաս կը կազմէին բարքերուն:

            Հայաստան կուռք ըլլալու յաւակնութիւն ունեցողները, իրենց կենցաղով (չարաշահումներով, զորս կոչեցին կոռուպցիա) պատուանդանները որբացուցին: Նախկին կուռքին տեղ նորը չեկաւ, ոչ թէ ցանկութիւնը չկար, այլ թեկնածուները բազմացան, զիրար հրմշտկեցին եւ զիրար վարկաբեկեցին: Մանրակերտը ԿՈՒՌՔ չեղաւ, մնաց թաղային հեղինակութիւն:  Խորհրդային Հայաստանի մէջ, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար, եղած էր ինքնատիպ պատշաճեցում, քաղաքական կուռքը փոխարինուած էր մշակութային-գիտական կուռքերով,- բանաստեղծ, գրող, գիտնական, արուեստագէտ, մարզիկ,- որոնց մէջ ժողովուրդը ինքզինք ուզած էր տեսնել: Անոնք վառ պահեցին ազգային ինքնուրոյնութեան գաղափարը եւ հպարտութիւնը: Այսօր անոնք փոխարինուած են դրամատէրերով, աւելի ճիշդ՝ դրամը կուռք համարողներով:

            Ժամանակակից ֆրանսացի իմաստասէր Միշէլ Ժիւֆֆէ, այս մասին կը գրէ. «Հետաքրքրուիլ քաղաքականութեան մէջ կուռքերու ստեղծմամբ չի նշանակեր բարքերը եւ կուռքերու ընտրութիւնը մեկնաբանել, կամ բանալ ընտրական կամ կառավարական բանաձեւումներու իմաստը, այլ փորձել հասկնալ ընկերահոգեբանական կապակցութիւնները, որոնք կ’առաջնորդեն ամրանալու ենթակայութեան կամ ըմբոստացման կեցուածքներու մէջ, փոխան ինքնավարութեան մը, որ օգտակար պիտի ըլլար ե՛ւ քաղաքացիներուն ե՛ւ անոնց պատուիրակներուն» (ընդգծ. Յ.Պ.):

            Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք Հայաստան ինքզինք գտաւ անսանձ եւ վայրագ դրամատիրութեան եւ ազատութիւն-համաշխարհայնացման կոյր անհատապաշտութեան մէջ, բարոյական-արժէքային համակարգերը փուլ եկան, եսը եւ տնտեսական-քաղաքական յաջողութիւնը դարձան նպատակ: Եւ Հայաստան փոքր երկիր ըլլալով, բոլոր բացասականութիւնները շուտով տարածուեցան եւ լսուեցան, միաժամանակ դարձան կոշտ մրցակցութիւն եւ քինախնդրութիւն:

            Կը յիշեմ զրոյց մը Հայաստանի նախկին ներքին գործոց նախարար Հայկ Յարութիւնեանի հետ,  որուն երբ հարց տուի, թէ ինչո՞ւ ոստիկանական (KGB) արխիւները չեն բանար, ան ըսաւ, որ Հայաստան փոքր երկիր է, ամէնքը կը ճանչնան ամէնքին եւ զիրար կը ջարդեն: Այս խօսքը ենթադրել կու տայ, որ յետխորհրդային փոխանցման շրջանին Հայաստան պէտք է ունենար համախոհական հեղինակաւոր իշխանութիւն մը, իմաստութեամբ առաջնորդելու համար երկիրը: Հազիւ դուրս եկած ենթակայական վիճակէ, անոր հակադրուեցաւ զսպուած-ազատագրուած դիրքապաշտութիւն, երկիրը մխրճուեցաւ մնայուն ըմբոստացման եւ փոխադարձ մերժումներու մէջ, թաղային հեղինակութիւններու կուռքերը բազմացան, զիրար քանդեցին: Երեւոյթը գոյութիւն ունի սփիւռքի մէջ, ուր տեւական միտում է ղեկավարը փոքրացնել, յանուն թիւր ըմբռնուած հաւասարութեան: Համագումար՝ փոխադարձ անհանդուրժողութիւն, որ կը յանգի ծայրայեղական լուծումներու եւ զայրոյթի:

            Չեմ յիշեր թէ ո՞վ ըսած է, կամ ո՞վ կ’ըսէր, որ մարդիկ հաւասար են, բայց ոմանք քիչ մը աւելի հաւասար են… Այդ քիչ մը աւելիի անտեսումը ընկերաքաղաքական թիւրիմացութիւն մըն է, որուն համար այսօր սուղ գին կը վճարուի: Անցեալին եւ յետխորհրդային շրջանին, ռազմական քարտէսէ ոչինչ հասկցողը զօրավարի ուսնոց կրեց, ուստի կարելի չէր յաղթանակներ ակնկալել… Իսկ ներկայի պետական կեանքի մէջ այդ աններելի սխալ է:

            Հայաստան (եւ սփիւռք) կան գիտակից որակեալներ, վերը յիշուած քիչ մը աւելի հաւասար ըլլալու ստորոգելիներով, բայց ամբոխին բաւարարութիւն տուող տեսական հաւասարութիւնը ամբոխահաճութեամբ  կը յառաջացնէ քաղաքական հաւկուրութիւն:

Ամբոխահաճութիւնը (populisme) չարիք է, ան զանգուածը կը շահագործէ խաբկանքով, որ ինք ձեռք բերած է ցանկալի հաւասարութիւնը, մինչդեռ իրեն կը տրուի ուրիշներու կողմէ եղած ընտրանքներէն մէկուն կամ միւսին այո՛ կամ ո՛չ ըսել, այդ մէկը եւ միւսը ինք չէ: Արիստոտէլ քսանհինգ դար առաջ այս հասկցած էր:

            Այսօր, քաղաքացին ողջմտութեամբ պէտք է ընտրէ: Ի դարու ֆրանսացի մեծ մտաւորական Ռէյմոն Արոն այս մասին կ’ըսէ. «Քաղաքականութեան մէջ ընտրութիւնը լաւին եւ վատին միջեւ չէ, այլ նախընտրելիին եւ խորշելիին միջեւ»:

            Բայց տեսնելու եւ ընելու համար ժողովուրդը ինքզինք պիտի ազատագրէ ամբոխահաճութեան զոհի վիճակէն:

Ինչպէ՞ս:

            Կրկին խօսիլ ազատ մամուլի եւ իրաւ ու պարկեշտ մտաւորականութեան դերի մասին. ընտրելու իրաւունքի տէր դարձնող հանրային դաստիարակութեան՝ իրաւ ղեկավարութիւն(ներ) ունենալու համար, Հայաստան եւ բազմամիլիոն սփիւռք, մէկ խօսքով՝ համայն հայութիւն: