Արցախի Զինադադարի Հսկողութեան Կեդրոնը Պիտի Ունենայ 60 Ռուս Եւ Նոյնքան Թուրք Զինուորներ

Աշխարհ, Հայաստան

յայտարարեց, թէ

Արցախի զինադադարի հսկողութեան ռուս-թրքական միացեալ կեդրոնին մէջ պիտի ծառայեն 60-ական զինուորականներ՝ Ռուսիայէն եւ Թուրքիայէն։ Այս մասին, ըստ
«Անատոլու»-ի, յայտարարեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլուն։ «Կեդրոնը պիտի հաստատուի Աղդամի շրջանին մէջ։ Շինարարութիւնը արդէն սկսած է։ Մեր զինուորականները արդէն սկսած են հոն մեկնիլ»,- ըսաւ ան։

Իր կարգին, Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով նշեց, որ զինուորներ ուղարկելու մասին հրամանագիրը «Թուրքիոյ ներքին գործն է, իսկ միացեալ կեդրոնին ստեղծումը՝ Մոսկուայի եւ Անգարայի երկկողմանի համաձայնութեան արգասիքը»։

Յիշեցնենք, թէ 1 Դեկտեմբերին Մոսկուա եւ Անգարա նշեալ կեդրոնը ստեղծելու համաձայնագիր մը ստորագրած էին։