Այս Եղանակով Մեզ Լռեցնելը Անհնար է. Ի. Սաղաթելեանը Հրաւիրուած է ՀՀ Քննչական Կոմիտէի Երեւանի Քննչական Վարչութիւն

Հայաստան

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ, Հայրենիքի փրկութեան շարժման համակարգող Իշխան Սաղաթելեանը հրաւիրուած է ՀՀ Քննչական կոմիտէի Երեւան քաղաքի քննչական վարչութիւն։ Իշխան Սաղաթելեան այդ առիթով տարածած է յայտարարութիւն, ուր նշուած է.

«Երէկ ուշ երեկոյեան տեղեկացուած եմ, որ նախապատրաստուող նիւթերու ծիրէն ներս բացատրութիւն տալու նպատակով կը հրաւիրուիմ ՀՀ Քննչական կոմիտէի Երեւանի քննչական վարչութիւն։

Անիկա հաւանաբար կապուած է ոստիկանութեան կողմէ երէկ տարածուած հաղորդագրութեան հետ, որուն համաձայն՝ հանրահաւաքի ընթացքին ունեցածս ելոյթին մէջ ոստիկանութիւնը անհասկնալի կերպով նշմարած էր յանցագործութեան յատկանիշներ։

Այսօր պիտի ներկայանամ Երեւան քաղաքի վարչութիւն, որմէ ետք ընթացքի մասին կը տեղեկացնեմ հանրութիւնը։

Մէկ անգամ եւս կը յայտարարեմ՝ այս եղանակներով մեզ լռեցնելը անհնար է։ Պայքարը կը շարունակուի աւելի մեծ վճռականութեամբ։

Բոլոր հայրենակիցները, ժամը 16։00-ին, կը հրաւիրեմ Հանրապետութեան հրապարակ»։