Բո­լորս Ար­ցա­խին Հա­մար. (Հ.Կ.­Խա­չի եւ Հ.Գ.­Խա­չի Կո­չին Ա­ռի­թով)

Հայաստան, Սփիւռք

Ռազ­մա­կան պար­տու­թեան ֆո­նին վրայ, նոյն­քան եւ ա­ւե­լի ա­ղէ­տա­լի դար­ձած է հա­մա­տա­րած մար­դա­սի­րա­կան ող­բեր­գու­թիւ­նը, որ այ­սօր Ար­ցա­խը կանգ­նե­ցու­ցած է սուր ճգնա­ժա­մին առ­ջեւ։

­Տաս­նեակ հա­զա­րա­ւոր գաղ­թա­կան­ներ, այ­լեւս հայ­րե­նա­զուրկ եւ տնա­զուրկ, ա­պաս­տան գտած են ­Հա­յաս­տա­նի մէջ, ուր պա­տե­րազ­մի ար­հա­ւիր­քը ըն­կե­րա­յին ծանր պայ­ման­ներ ստեղ­ծած է պե­տու­թեան առ­ջեւ, որ այ­լեւս մէկ կող­մէն պէտք է հո­գայ ռազ­մի ճա­կա­տէն ետ հա­սած հա­զա­րա­ւոր վի­րա­ւոր­նե­րու վի­ճա­կը, միւս կող­մէն Ար­ցա­խի հո­ղէն զրկո­ւած ան­հա­մար գաղ­թա­կան­նե­րու ըն­կե­րա­յին ու տար­րա­կան կա­րիք­նե­րը ա­պա­հո­վե­լու դժո­ւար գոր­ծին առ­ջեւ կանգ­նած է։

­Նոյն­քան սրտաճմ­լիկ են ան­յայտ կոր­սո­ւած զի­նո­ւոր­նե­րու ծնող­նե­րուն եւ պա­րա­գա­նե­րուն ող­բեր­գա­կան ­ա­ղա­չանք­ներն ու պոռթ­կում­նե­րը՝ ուղ­ղո­ւած պե­տու­թեան ու վար­չա­պե­տին, ի­րենց զա­ւակ­նե­րու ողջ ու ա­ռողջ վե­րա­դար­ձը սպա­սե­լու անն­կա­րագ­րե­լի մղձա­ւան­ջին մէջ։

­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չը ու Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ ­Հայ Գ­թու­թեան ­Խա­չը ան­տար­բեր չէին կրնար մնալ այս ող­բեր­գու­թեան դի­մաց։ ­Հայ Օգ­նու­թեան ­Միու­թեան վսեմ ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րուն հա­ւա­տա­րիմ մեր կա­նա­ցի զոյգ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը միշտ գտնո­ւած են ի­րենց ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը յատ­կան­շող ամ­բող­ջա­նո­ւէր զո­հա­բե­րու­թեան դիր­քե­րուն վրայ, ան­մի­ջա­կան եւ գործ­նա­կան օգ­նու­թիւն ըն­ձե­ռե­լով ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի քոյ­րե­րուն եւ եղ­բայր­նե­րուն։

Ան­թիւ են ­Հա­յաս­տա­նի ար­դի պե­տա­կա­նու­թեան պատ­մու­թեան մէջ Հ.Կ.­Խա­չի ու Հ.Գ.­Խա­չի բո­լո­րա­նո­ւէր մաս­նակ­ցու­թեան օ­րի­նակ­նե­րը մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րու օգ­նու­թեան գոր­ծին, տա­կա­ւին՝ 1988-ի ա­հա­ւոր երկ­րա­շար­ժի օ­րե­րէն, մին­չեւ Ար­ցա­խեան գո­յա­մար­տի հե­րո­սա­կան սխրա­գոր­ծու­թեան տա­րի­նե­րուն, ա­պա ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի բար­գա­ւաճ­ման, հաս­նե­լով մին­չեւ այ­սօր՝ պա­տե­րազ­մի պատ­ճա­ռած մեծ ա­ղէ­տի դառն ի­րա­կա­նու­թեան առ­ջեւ։

­Կաս­կած չկայ, որ իւ­րա­քան­չիւր հայ­րե­նա­կից, ­Յու­նաս­տա­նի ամ­բողջ տա­րած­քին, ա­ռանց երկ­րորդ մտա­ծու­մի, պի­տի փու­թայ Ա­թէն­քի, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի եւ Թ­րա­կիոյ մեր ա­կումբ­նե­րը, անհ­րա­ժեշտ հա­գուս­տե­ղէն ու ներք­նազ­գեստ, տա­քու­թիւն պա­հող ի­րեր, մեր վի­րա­ւոր­նե­րուն հա­մար յա­տուկ կառ­քեր ու սար­քեր նո­ւի­րե­լու հա­մար։

Ար­դէն, մեր խա­չու­հի­նե­րու վկա­յու­թեամբ, յու­զիչ էր շա­բա­թա­վեր­ջին տես­նել ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ հա­սած ա­մէն տե­սա­կի օգ­նու­թիւ­նը, որ պէտք է ամ­բողջ շաբ­թո­ւան ըն­թաց­քին շա­րու­նա­կո­ւի ան­թուլ կեր­պով, ա­ռանց կանգ առ­նե­լու, որ­պէս­զի ա­ռա­ւե­լա­գոյն չա­փով եւ քա­նա­կով ա­պա­հո­վենք բո­լոր այն ի­րե­րը, ո­րոնց ան­մի­ջա­կան կա­րի­քը ու­նի այ­սօր տա­րա­բախտ Ար­ցա­խի հա­յու­թիւ­նը։

Շ­տա­պե՛նք, փու­թա՛նք օգ­նու­թիւն հասց­նե­լու։ ժա­մա­նա­կը սուղ է, ձմե­ռը ար­դէն հա­սած է ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի մէջ, պայ­ման­նե­րը ծանր են ար­ցախ­ցիին հա­մար։
Ար­ցա­խը մի­նակ չէ մնա­ցած. բո­լորս՝ անխ­տիր, այս պա­հուն պի­տի հաս­նի՛նք մարտն­չող ար­ցա­խա­հա­յու­թեան։

­Մեր ար­ծո­ւա­բոյն Ար­ցա­խի ե­րես­նա­մեայ ան­կախ գո­յու­թեան պահ­պահ­ման ու աս­կէ ետք՝ ազ­գա­յին, քա­ղա­քա­կան, ըն­կե­րա­յին ու մարդ­կա­յին ա­մէն տե­սա­կի տագ­նապ­նե­րու յաղ­թա­հար­ման հա­մար գե­րա­գոյն կոչ մըն է, որ այ­սօր սկսե­լով, պէտք է դար­ձեալ հան­գի Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի՝ իր սե­փա­կան հո­ղին վրայ ա­զատ եւ գե­րիշ­խան ապ­րե­լու ե­րաշ­խա­ւոր­ման ու հա­մազ­գա­յին ի­րա­գործ­ման։

«Ա.Օ»