ՀՀ Նախագահը Նամակ Յղած է Վլատիմիր Փութինին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը ազրպէյճանական կողմին մէջ գտնուող ռազմագերիներու, պատանդներու վերադարձին հարցով դիմած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինին: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Նախագահ Սարգսեանի նամակին մէջ մասնաւորապէս կը նշուի, որ Հայաստանի հասարակութիւնն ու Սփիւռքը խիստ անհանգստացած են ազրպէյճանական գերութեան մէջ յայտնուած զինուորներու եւ քաղաքացիական անձերու շուրջ ստեղծուած իրավիճակով:

Ռուսիոյ նախագահի միջնորդութիւնը մեծ աջակցութիւն պիտի ըլլայ Ազրպէյճանի կողմէ գերեվարուած մեր զինուորականներն ու քաղաքացիական անձերը, ինչպէս նաեւ զոհուածներու մարմինները վերադարձնելու չափազանց զգայուն խնդրի լուծման գործին մէջ: