Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովը Իր Զօրակցութիւնը Կը Յայտնէ Հայոց Բանակին

Հայաստան, Սփիւռք

Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Շաբաթ, 31 Հոկտեմբեր 2020-ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ գումարուեցաւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ժողովը: Նախ եւ առաջ վեհափառ հայրապետը զեկուցեց Արցախի պատերազմին առնչուած զարգացումներուն, պատասխանատուներուն հետ իր հաստատած կապերուն, ինչպէս նաեւ միջեկեղեցական ծիրին մէջ իր կատարած աշխատանքներուն մասին` ի պաշտպանութիւն Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման եւ զինադուլի հաստատման:

Կրօնական ժողովը վերահաստատեց իր ամբողջական զօրակցութիւնը հայոց բանակին, շեշտեց Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման հրամայականը եւ ողջունեց մեր թեմերուն կողմէ Արցախի զօրակցութեան համար կատարուող շարունակական օժանդակութիւնները:

Ապա, Կրօնական ժողովը լայնօրէն քննարկեց օրակարգին մաս կազմող հետեւեալ հարցերը. քրիստոնէական դաստիարակութիւն, դպրեվանք, Աստուածաշունչի թարգմանութիւն, եկեղեցական երաժշտութեան երեք նոր հատորներու հրատարակութիւն, տեղեկատուական, միջեկեղեցական ու միջկրօնական յարաբերութիւններ, մատենադարան, ձեռագրատուն, հնատիպեր, թանգարան, երիտասարդական (ՀԵՀՈՄ) եւ թեմերուն առնչուած հարցեր:

Վերոյիշեալ բնագաւառներուն գծով ներկայացուեցան զեկուցումներ, կատարուեցան քննարկումներ եւ տրուեցան համապատասխան որոշումներ:

Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ վեհափառ հայրապետը գնահատեց կատարուած աշխատանքները` հակառակ ստեղծուած պայմաններուն, թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ թեմերուն մէջ, եւ կոչ ուղղեց միաբան հայրերուն, յատկապէս թեմակալ առաջնորդներուն, իրենց առաւելագոյնը կատարելու մեր ժողովուրդի զաւակներուն հոգեւոր սնունդ ջամբելու առաքելութեան մէջ: