Բերձորի Ուղղութեամբ Ազրպէյճանական Բանակը Խուճապահար Փախած է Զբաղցուցած Դիրքերէն

Աշխարհ, Հայաստան

Ազրպէյճանական բանակի զինծառայողները, կրելով մարդուժի մեծ կորուստներ, խուճապահար փախած են Արցախի Բերձոր քաղաքի ուղղութեամբ զբաղցուցած դիրքերէն: Այս մասին կը յայտնէ Արցախի տեղեկատուական շտաբը:

«Այսօր թշնամին առաւել աշխոյժ եղած է Բերձորի ուղղութեամբ առաջնագիծի ձախ թեւի վրայ։ Ծաւալուած մարտական գործողութիւններուն ընթացքին թշնամին, կրելով մարդուժի մեծ կորուստներ, խուճապահար փախած է զբաղցուցած դիրքերէն»,- նշուած է հրապարակման մէջ:

Արցախի առանձին հատուածներու մէջ շարունակուած են հակառակորդի յարձակողական խումբերու յայտնաբերման ու ոչնչացման մարտական գործողութիւնները։

«Հրետանային կրակով Ծաղկաբերդի մօտակայքը ոչնչացուած է հակառակորդի մէկ զինուորական սարք»,- նշած է տեղեկատուական շտաբը: