Ռուսիան Խորապէս Մտահոգուած է ԼՂ Հակամարտութեան Գօտիին Մէջ Վարձկաններու Աճող Ներգրաւումով․ Զախարովա

Աշխարհ

Ռուսիա խորապէս մտահոգուած է Մերձաւոր Արեւելքէն վարձկաններու աճող ներգրաւումով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտին մէջ։ Այս մասին ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է ՌԴ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա:

«Մենք խորապէս մտահոգուած ենք շարունակուող ռազմական գործողութիւններով, Մերձաւոր Արեւելքէն օտարերկրեայ վարձկաններու աւելի ընդգրկուն ներգրաւումով մարտերուն մէջ։ Նկատելիօրէն աճած են ծախսերը հակամարտող կողմերու տնտեսութիւններու եւ հասարակութիւններու համար»,- ըսած է Զախարովա:

«Համոզուած ենք խնդրի խաղաղ կարգաւորման այլընտրանքի բացակայութեան, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու ջանքերու ծիրէն ներս բանակցութիւններու վերսկսման անհրաժեշտութեան մէջ»,- ըսած է ՌԴ ԱԳՆ ներկայացուցիչը:

Ան ընդգծած է, որ Ռուսիան կը շարունակէ եռանդուն ջանքեր գործադրել հակամարտութիւնը շուտափոյթ մեղմացնելու եւ բանակցային գործընթացը վերսկսելու նպատակով: