Հայկական Կողմին Փոխանցուած Են Երեսուն Զոհուած Հայ Զինծառայողի Մարմինները․ Վերադարձուած է Մէկ Քաղաքացիական Անձ

Աշխարհ, Հայաստան

Հոկտեմբեր 9-ին, Ռուսիոյ Դաշնութեան բացառիկ միջնորդական ջանքերուն շնորհիւ, ԿԽՄԿ-ի եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցչի դաշտային խումբին մասնակցութեամբ հայկական կողմին փոխանցուած է ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին զոհուած
երեսուն հայ զինծառայողներուն մարմինները: Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է ՊՆ խօսնակ Շուշան Ստեփանեան։

Միաժամանակ, ԿԽՄԿ-ի ջանքերով Հայաստան վերադարձուած է մէկ քաղաքացիական անձ:​

Իր հերթին հայկական կողմը, հաւատարիմ մնալով մարդասիրական հրադադարի ծիրէն ներս ձեռք բերուած համաձայնություններին, կրկին պատրաստակամութիւն կը յայտնէ ազրպէյճանական կողմին յանձնելու Արցախի տարածքին մէջ գտնուող ազրպէյճանցի զինծառայողներուն մարմինները, մեկնարկելու արցախա-ազրպէյճանական ռազմաճակատի ողջ երկայնքով ռազմական գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք միջդիրքային հատուածէն աճիւններու դուրսբերման, ինչպէս նաեւ ռազմագերիներու վերաբերեալ տեղեկատւութեան փոխանցման եւ յետագային վերջիններուս փոխանակման գործընթացը: