Բարեգործական Համերգ՝ Յանուն Արցախի

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Եւրոպայի մէջ լաւ ծանօթ շարք մը հայ արուեստագէտներ, համագործակցելով օտար գործընկերներու հետ, համախմբուած են յանուն Արցախի:

Անոնք, Նոյեմբեր 15-ին, պիտի ներկայանան համերգային ծրագրով: Հասոյթը պիտի տրամադրուի վիրաւորներուն, զինուորներուն, արցախահայերուն, որոնք ստիպուած եղած են հեռանալ իրենց տուներէն:

Համերգին ելոյթ պիտի ունենան Սերժ Աւետիքեանը, Անտրէ Մանուկեանը, Փաթրիք Ֆիորին, Մեթիու Մատենեանը, Վինսենթ Պակույեանը: