Արցախի ՊԲ-ն Թէժ Մարտեր Կը Մղէ Ասկերանի Շրջանի Աւետարանոց, Սղնախ եւ Ակնաղբիւր Հատուածին Վրայ

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախա-ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ, Հոկտեմբեր 29-ին, ռազմական գործողութիւնները առաջնագիծի տարբեր ուղղութիւններով բուռն կերպով կը շարունակուին։ Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է Արցախի նախագահի մամուլի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեանը:

«Պաշտպանութեան բանակը, յատկապէս, թէժ մարտեր կը մղէ Ասկերանի շրջանի Աւետարանոց, Սղնախ եւ Ակնաղբիւր հատուածին վրայ։ Թշնամին ունի կենդանի ուժի մեծ կորուստներ»,- նշած է Պօղոսյանը։