Ասիկա Մարտահրաւէր է Ողջ Քաղաքակիրթ Աշխարհին. Արցախի Նախագահը` Ստեփանակերտի Հրթիռակոծութեան Մասին

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ընդգծած է, որ Ազրպէյճանի կողմէ հրթիռային հարուածները Ստեփանակերտի ծննդատան եւ բնակելի  թաղամասերու ուղղութեամբ մարտահրաւէր է ողջ քաղաքակիրթ աշխարհին: Այս մասին Յարութիւնեան գրած է Twitter-ի իր էջին վրայ:

«Այսօր Ազրպէյճանը հրթիռային հարուածներ հասցուցած է Ստեփանակերտի թաղամասերու ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման կեդրոնին: Քիչ առաջ հաղորդագրութիւն ստացուած է Ստեփանակերտի թաղամասերուն նոր հարուածներու եւ նոր աւերածութիւններու մասին: Ասիկա մարտահրաւէր է ողջ քաղաքակիրթ աշխարհին»,- գրած է Արայիկ Յարութիւնեան:

Arayik Harutyunyan | Artsakh President@Pres_Artsakh·52mToday #Azerbaijan targeted #Artsakh#Stepanakert civilian areas, incl. Rep. Medical Center, Maternity & Child Hospital, w/heavy missiles. Just received word of new strikes on Stepanakert civilian areas, w/new destructions. Challenge to entire civilized world. #WarCrimes#KarabakhWatch again1:514.9K views