Ալիեւը Առանց Նախապայմաններու Մոսկուայի Մէջ Փաշինեանի Հետ Բանակցելու Պատրաստակամութիւն Յայտնած Է

Աշխարհ, Հայաստան

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը յայտարարած է, որ պատրաստ է Մոսկուայի մէջ բանակցիլ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ առանց որեւէ նախապայմանի: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին յայտնած է «Ինտերֆաքս»-ը:

Ատրպէյճանի նախագահը ընդգծած է, որ Մոսկուայի մէջ բանակցութիւններ իրականացնելու հրաւէր չէ ստացած, սակայն ստանալու պարագային դրական պիտի արձագանգէ: Ան նշաց է, որ պատրաստ է Մոսկուա մեկնելու եւ բանակցելու Հայաստանի վարչապետի հետ՝ առանց որեւէ նախապայմանի: