Ազրպէյճանը Խախտելով Մարդասիրական Հրադադարը Հարուածած է Մարտունիի Ուղղութեամբ

Հայաստան

Ազրպէյճանական կողմը Հոկտեմբեր 26-ին կրկին անգամ խախտած է հրադադարը եւ հարուածած Արցախի խաղաղ բնակավայրերը, կը տեղեկացնէ ԱՀ արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը: «Քիչ առաջ թշնամին Մարտունի քաղաքի վրայ կիրառեց ռազմական օդանաւ, կոպտօրէն խախտելով մարդասիրական նպատակներով ձեռք բերուած կրակմարի մասին պայմանաւորուածութիւնը»,- կը նշեն ԱԻՊԾ-էն:

Նշենք, որ երէկ ուշ գիշեր Միացեալ Նահանգները, Հայաստանն ու Ազրպէյճանը յայտարարեցին, որ Հոկտեմբեր 26-ին, տեղական ժամանակով` 08:00-ին, ուժի մէջ կը մտնէ մարդասիրական հրադադար: