Նիկոլ Փաշինեան Յայտարարեց, Որ Այս Փուլին Ղարաբաղի Հարցը Դիւանագիտական Լուծում Չունի

Հայաստան

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ այս փուլին  Լեռնային Ղարաբաղի հարցը դիւանագիտական լուծում չունի, քանի որ Ազրպէյճանը կ՛ուզէ հարցը լուծել միայն ռազմական ճամբով եւ անոնց համար ընդունելի միակ տարբերակը Արցախի գրաւումն է:

«Պէտք է մենք յստակ գիտակցինք, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը, գոնէ այս փուլին եւ այս փուլէն սկսած մինչեւ բաւական երկար ժամանակ, դիւանագիտական լուծում չունի եւ բոլոր այն յոյսերը, առաջարկները, թէ պէտք է դիւանագիտական լուծում գտնել, նաեւ այս իրավիճակին մէջ, պէտք է սեպենք աւարտած: Մենք բազմիցս ըսած ենք, որ հարցը փոխզիջումներու տարբերակով լուծելու պատրաստակամութիւն ունինք», ըսած է վարչապետ Փաշինեան:

Ան ընդգծեց, որ այս իրավիճակին մէջ պէտք է մինչեւ վերջ, անմնացորդ, անսասան պայքարիլ մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն  համար:

«Անկախ անկէ, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ, պէտք է պայքարիլ մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն համար, իսկ պայքարիլ մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն համար, կը նշանակէ նախ եւ առաջ զէնք վերցնել եւ նուիրուիլ հայրենիքի իրաւունքի պաշտպանութեան գործին: Այս գործընթացը արդիւնաւէտ եւ շարունակական ձեւով կազմակերպելու պարագային մենք պիտի կարենանք հասնիլ մեզի համար ընդունելի դիւանագիտական լուծումի», ըսած է վարչապետ Փաշինեան:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը վստահ է, որ Ռուսիան` թէ՛ իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ, թէ՛ իբրեւ Հայաստանի ռազմավարական դաշնակից, պիտի շարունակէ ընել առաւելագոյնը` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման  ուղղութեամբ:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Հոկտեմբեր
21-ին գլխաւորեց ընդլայնուած աշխատանքային խորհրդակցութեան: Ան անդրադարձաւ ստեղծուած պատերազմական իրավիճակին եւ նշեց, որ, հաշուի առնելով թշնամիին նկրտումները, պէտք է պատրաստուիլ երկարաժամկէտ գործողութիւններու:

Նախագահ Յարութիւնեանի համաձայն` թիկունքային աշխատանքներուն մէջ պէտք է ներառուին ինչպէս ենթակառուցուածքներու գործուն վիճակի ապահովման, սնունդի ժամանակին մատակարարման, թոշակ-աշխատավարձերու վճարման, այնպէս ալ ռազմական գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք ժամանակաւորապէս Հայաստանի Հանրապետութիւն տեղափոխուած Արցախի քաղաքացիներուն ընկերային խնդիրներու լուծման հարցերը: Ան հաստատեց, թէ Երեւանի մէջ պիտի ձեւաւորուի շտապ մարմին մը, որ Հայաստանի մարզերուն մէջ պիտի ունենայ աշխատանքային խումբեր: Շտապին նպատակը պիտի ըլլայ ժամանակաւոր կերպով Հայաստան տեղափոխուած բոլոր ընտանիքներուն ընկերային խնդիրներով զբաղիլ եւ անոնց առաջնահերթ խնդիրները հոգալ: Ան շեշտեց, որ, անկախ հանգամանքներէ, իւրաքանչիւր արցախցի պէտք է իրեն նկատմամբ զգայ կառավարութեան ամէնօրեայ ուշադրութիւնը:

Անդրադառնալով ռազմաճակատին վրայ ստեղծուած իրավիճակին` նախագահը նշեց, որ պաշտպանութեան բանակը` աշխարհազօրի հետ միասին, կը շարունակէ դիմագրաւել թշնամիին յարձակողական գործողութիւնները` ամէն օր անոր պատճառելով կենդանի ուժի եւ զինամթերքի զգալի կորուստներ: «Թէ՛ մեր բանակը, թէ՛ ազգաբնակչութիւնը շատ լաւ կը պատկերացնեն ե՛ւ այս պատերազմի դժուարութիւնները, ե՛ւ անիկա երկարաժամկէտ կտրուածքով յաղթահարելու խնդիրները: Առիթէն օգտուելով` անգամ մը եւս կը դիմեմ մայր հայրենիք գտնուող բոլոր զինապարտ արցախցիներուն օր առաջ Արցախ վերադառնալու եւ իրենց եղբայրներուն թեւ ու թիկունք կանգնելու կոչով: Բոլորս մեր վարքի եւ դրսեւորած պահուածքին համար պատասխան պիտի տանք նախ եւ առաջ հանրութեան», շեշտեց նախագահ Յարութիւնեան:

Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան նաեւ կառավարման տարբեր օղակներու մէջ փոխգործակցուած աշխատանքներու առնչուած հարցեր: