Երեք Շաբաթուան Մէջ Սփիւռքահայերը Աշխարհի 60 Երկիրներէ Զինծառայողներու Ապահովագրութեան Հիմնադրամին 4.5 Միլիոն Տոլար Նուիրած Են

Հայաստան

«Երեք շաբաթուան մէջ մեր հայրենակիցները աշխարհի 60 երկիրներէ Զինծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամին 4.5 միլիոն տոլար նուիրած են», ֆէյսպուքի իր էջին վրայ տեղեկացուցած է ՊՆ մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեան:

«Ձեր փոխանցած գումարը շատ կարեւոր է. անիկա պիտի ծառայէ մեր հերոսներուն ու անոնց ընտանիքներուն հատուցումներ կատարելու նպատակով:

Դուք եւս կրնաքք նուիրատւութիւն կատարել այստեղ»,-գրած է Ստեփանեան: