Փութին Պիտի Հանդուրժէ՞ Իր Ազդեցութեան Գօտիէն Ներս Էրտողանի Թափանցումը. Մարք Յարութիւնեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ


            Այսօր, կէս գիշերուան մօտ, հեռատեսիլի պատկերներուն տակ սահող հեռագրալուր մը յայտնեց, որ մարդասիրական հրադադար հաստատուած էր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ: Ի հարկէ՝ Ռուսիոյ ճնշումով, որ չի նշանակեր թէ պատերազմը աւարտած է: Դիակները պիտի վերցնեն: Բայց Ատրպէյճան կրկին չէ յարգած հրադադարը եւ յարձակումները շարունակուած  են ցամաքէն եւ երկինքէն:

            Վլատիմիր Փութինի եւ Էրտողանի միջեւ կայ քաղաքական խուլ պայքարին, որ պիտի չմնայ խաղաղութեան եւ դիւանագիտական ճապկումներու սահմանին մէջ, հակառակ անմիջական շահերէ մեկնող մերձեցումներու: Ծաւալապաշտ եւ յարձակապաշտ Թուրքիոյ դէմ պիտի կանգնի Ռուսիան, իր իսկ շահերը եւ ապահովութիւնը պաշտպանելու համար:

            Պէտք է խօսիլ միջազգային մամուլի անտեղեակութեան կամ մակերեսայնութեան հետեւանքով, տգիտութեամբ կամ շահախնդրութեամբ, քաղաքական ճշմարտութիւն եւ իրականութիւն խեղաթիւրող եզրերու գործածութեան մասին, այսինքն՝ ապատեղեկատուութեան:

            Տգիտութեամբ կը խօսուի Ատրպէյճանի կազմի մէջ ներառնուած հայաբնակ հողամասի մասին, զայն կոչելով նոր ժամանակներուն տրուած անունով՝ Նակոռնօ-Ղարաբաղ, անգիտանալով պատմութիւնը, ուր ան կը յիշուի որպէս Արցախ, Ուտիք, Մեծ Հայքի տասներկուերորդ նահանգ, երբ դեռ չկային թուրքեր եւ ազերիներ: Նակոռնօ-Ղարաբաղ անունը պաշտօնականացաւ ռուս-խորհրդային օրերուն: Քաղաքական գործիչներ եւ լրագրողներ ետ չեն երթար, ճշմարտութիւն եւ իրաւունք հասկնալու համար: Այս մակերեսայնութեամբ, քաղաքական գործիչներ, միջազգային կառոյցներ եւ լրատուամիջոցներ կը խօսին հայաբնակ հողամասի մը բնակիչներու անջատողականութեան մասին: Ինչո՞ւ չըսուիր, որ Ստալինի կամայական որոշումով Ատրպէյճանի կցուած հողամասը անջատողական չէ, այլ կը մղէ ինքնորոշման ազգային ազատագրական պայքար:

            Այս ճշդումը չի կատարուիր, երկիրներու դիւանագիտական խօսքին մէջ տեղ չի գտներ, լրատուամիջոցները նոյնիսկ երբ այս ճշմարտութիւնը գիտեն, կը շարունակեն հետեւիլ չես գիտեր ընդունուած ո՞ր տրամաբանութեան եւ կը հրահրեն հակամարտութիւնը: Թէեւ, միջազգային հանրութիւնը երբեք պատմութեան եւ իրաւունքի տրամաբանութեամբ չ’առաջնորդուիր: Պատահա՞ծ է, որ հարցնեն, թէ հայոց մայրաքաղաք Անին, երկինքին տակ լացող իր պարիսպներով, եկեղեցիներով եւ աւերակներով, ինչպէ՞ս յայտնուած է Թուրքիոյ մէջ: Էրտողան ինչպէ՞ս կրնայ բացատրել այս անթաքցնելի իրողութիւնը: Եւրոպան, Ամերիկաները, Չինաստանը, Հնդկաստանը եւ բոլոր միւսները, ոչ կոյր են եւ ոչ տգէտ, կը տեսնեն, գիտեն, բայց կը լռեն: Եթէ վաղը Հայաստան հրապարակ գայ եւ պահանջէ, որ պատմական ժառանգութիւն Անի քաղաքը, որ ոչինչ ունի որպէս թրքական վերադարձուի Հայաստանի, ի՞նչ պիտի պատասխանէ Թուրքիան: Պիտի ըսէ, որ ան օսմանեան կայսրութեան մաս կը կազմէր եւ… վերջ:  Իսկ քաղաքակիրթ աշխարհը կրկին ճառ պիտի խօսի սահմաններու անխախտելիութեան մասին: Ո՞ր սահմաններու, որո՞ւ սահմաններու…

            Ձարերուն օրով, խորհրդային շրջանին եւ անոր փլուզումէն ետք ալ, Կովկասը ռուսական գօտի էր, այսօր ալ, երեսուն տարիէ ի վեր: Ան Ռուսիոյ ապահովութեան գօտին է: Ինք կը հովանաւորէր այդ երկիրները, անոնք իր քաղաքական, քաղաքակրթական, մշակութային, լեզուական եւ գիտական համակարգին (system) մէջ էին, մարդիկ, կամայ-ակամայ նոյն կաղապարէն ելած էին: Հիմա այդ համակարգը խանգարուած է Էրտողանի համաթրքական, կրօնամոլեռանդական եւ ծաւալապաշտական ներխուժումով: Դեռ յայտնի չէ, թէ Փութին ինչպէ՞ս պիտի ընդունի եւ պիտի հակազդէ այս ներխուժման, որ կրնայ տարածուիլ, հասնիլ Միջին Ասիա, ապակայունացնել եւ տկարացնել Ռուսիան, նաեւ՝ ռազմագիտական, քաղաքակրթական եւ մշակութային դարերէ ի վեր հաստատուած կացութիւն մը:

            Կրնանք զանազան վարկածներ ունենալ Ռուսիոյ հակազդեցութեան մասին, բայց առայժմ Փութին սփինքսի պէս լուռ է: Թէեւ, իրեն համար անմիջական տեսանելին այն է, որ Թուրքիոյ հեռացումը Ատլանտեան Ուխտէն, Եւրոպայի եւ Ամերիկայի դէմ իր դիրքը կը զօրացնէ: Էրտողանի հակաեւրոպական եւ համաթրքական քաղաքականութեան վտանգը պատճառ կրնայ ըլլալ նոր դասաւորումներու եւ համագործակցութիւններու, հասարակաց վտանգի մը դէմ: Այսպէս թէ այնպէս, Ռուսիա մաս կը կազմէ լայն առումով արեւմտեան կրօնամշակութային տիեզերքին:

            Վլատիմիր Փութին հաշտ աչքով չի կրնար դիտել Էրտողանի ծաւալապաշտութիւնը, ան չի կրնար Պիղատոսի դերով բաւարարուիլ, թոյլ տալ որ ան տէր դառնայ Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ հայութեան դէմ անսահմանափակ նախայարձակում գործէ, մանաւանդ որ կայ 1915ի հայկական ցեղասպանութեան նախընթացը: 27 Սեպտեմբերէն ի վեր ծաւալած Ատրպէյճանական նախայարձակումը այլեւս Ատրպէյճան-Արցախ-Հայաստան ներքին հարց ըլլալէ դադրած է:

            Թուրքիա մուտք գործած է Կովկաս, տպառնալով Ռուսիոյ վերահսկողի եւ իրաւարարի դերին, շրջանին մէջ, հեղինակութեան, imperia-յին: Նոյնպէս, միշտ Էրտողանի պատճառով, Եւրոպայի դռներուն եւ Արեւելեան Միջերկրականի մէջ խնդրոյ առարկայ է Արեւմտեաններու imperiaն: Այլեւս միջազգային քաղաքականութեան համար մասնակի եւ տեղական համարուող Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի կենսագործումը, ընդունումը եւ մերժումը, դարձած են տարածաշրջանային, թերեւս աւելի լայնածիր աշխարհաքաղաքական խնդիր:

            Մէկ բան որոշ է: Ոչ Արեմուտքը, ոչ Ռուսիան, ոչ արաբական աշխարհը, ոչ Հնդկաստանը եւ ոչ Չինաստանը կրնան ընդունիլ եւ թոյլ տալ միջազգային հաւասարակշռութեան խախտում մը, որ կրնայ յառաջանալ Էրտողանի ծաւալապաշտական եւ մեծամոլական կիրքին պատճառով, զիրենք ապակայունացնել եւ յանգեցնել մեծ աղէտներու:

            Ռուսիա մինչեւ ե՞րբ կրնայ կոչերով բաւարարուիլ Թուրքիոյ նուաճողական քաղաքականութեան դէմ, որ կը միտի նաեւ զինք հեռացնել քաղաքական հրապարակէն, իրեն հակադրուելու գնով: Փաստ է Ուքրայինայի նախագահին հետ հանդիպման ընթացքին իր յայտնած տեսակէտը, որ Խրիմը մաս կը կազմէ Ուքրայինայի, անոր միացումը Ուքրայինայի իրականացնելու համար ինք պատրաստակամ է օժանդակելու: Պատրաստակամութիւն մը, զոր Վլատիմիր Փութին ըստ արժանւոյն պիտի գնահատէ, երբ նկատի կ’ունենանք, որ Ռուսիոյ դռներուն, Էրտողան Թուրքիայէն լայնածաւալ  զէնք եւ զինամթերք բերած է, կը բերէ նաեւ վարձկաններ, որոնք վաղը կրնան տարածուիլ, օգտուելով կրօնական մոլեռանդութեամբ տարուած շրջանակներ, Ռուսիոյ կամ անոր դրացի թրքալեզու եւ թրքացեղ երկիրներուն մէջ:

            Ըստ տուեալներու, թրքական բանակի միաւորներ չկան Ատրպէյճանի մէջ: Եթէ անոնք երեւին բեմի վրայ, այդ կ’ըլլայ գրգռութիւն, casus belli, եւ Ռուսիա կը միջամտէ: Կը միջամտէ նաեւ եթէ յարձակին Հայաստանի վրայ, քանի որ Հայաստան մաս կը կազմէ Հ.Ա.Պ.Կ.-ի, (Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութիւն), որ կ’ենթադրէ փոխադարձ պարտաւորութիւններ:

            Ռուսիա եւ Հայաստան գիտեն, որ քաղաքակրթական եւ կրօնական պատճառներով, բնական դաշնակիցներ են շրջանին մէջ: Բայց նկատի ունենալով Արցախի իւրայատուկ պարագան, Փութին դեռ պատասխանատուութիւն չ’ուզեր  ստանձնել անոր նկատմամբ:

            Դեռ չէ հասունցած այն միտքը, որ խաղաղութեան համար, Արցախի Ատրպէյճանի կազմէն դուրս մնալը տագնապի այսօրուան եւ վաղուան անխուսափելի լուծումն է, անկախ պետութեան կամ Հայաստանի հետ բնական միացման ձեւով:

            Ինչ որ ալ պատահի, ինչ ալ ըլլան Թուրքիոյ բաղձանքները եւ այլ երկիրներու մեծ կամ պզտիկ շահախնդրութիւնները, նկատի ունենալով միջազգային հաւասարակշռութիւնները, վերջնական լուծման բանալին Մոսկուայի ձեռքին մէջ է:

            Այսքան քաղաքական պարզ իմաստութիւն, ե՛ւ ներսը ե՛ւ դուրսը, մենք պէտք է հասկնանք եւ ըստ այնմ խօսինք ու գործենք, ինչ ալ ըլլան մեր նախասիրութիւնները եւ տեսակէտները:

            Հայաստան, կամայ ակամայ, կը գտնուի աշխարհաքաղաքական հակամարտ ուժերու շրջանակին մէջ: Մեր քաղաքական խօսքը եւ գործը այս չեն կրնար անգիտանալ:

            Իմաստութիւն է չըսելիքը գիտնալ:

            Սանձարձակ արշաւող Էրտողանի պէտք է յիշէ Փութինի պատմաքաղաքական անսեթեւեթ խօսքը. «Հիթլէր կ’ուզէր քանդել Ռուսիան, եւ ամէն ոք պէտք է յիշէ թէ ան ինչպէս վերջացաւ…»:

Փարիզ